Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մասիսի Քաղաքապետ՝ Դաւիթ Համբարձումեան Փախուստի՞ Դիմած Է

Մասիսի Քաղաքապետ՝ Դաւիթ Համբարձումեան Փախուստի՞ Դիմած Է

by MassisPost

Civic.am-ի ունեցած տեղեկութիւններով՝ Մասիսի քաղաքապետ՝ Դաւիթ Համբարձումեան փախուստի դիմած է ։

Ըստ տեղեկութիւններուն երէկ՝ Յունիս 20-ին, ԱԱԾ աշխատակիցները Մասիսի Նորամարգ համայնքի մէջ ընտրակաշառքի բաժանման դէպք բացայայտած են ։

ԱԱԾ-ն ձեռք  բերած է բաւարար փաստեր, որ կաշառք բաժնողը Մասիսի քաղաքապետի մտերիմներէն մէկու ընկերն է, եւ որ ձերբակալուելէն յետոյ Դաւիթ Համբարձումեանի դէմ ցուցմունք տուած է ՝ յայտնելով, որ ինքը կատարած է անոր հրահանգները։

ՀՀ Գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան Civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ տուեալ դէպքի հետ կապուած այլ կասկածեալներ չկան եւ գործողութիւնները կը շարունակուին։ Իսկ Մասիսի քաղաքապետարանէն յայտնած են, որ քաղաքապետը փախուստի չէ դիմած, այլ ան արձակուրդի մէջ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment