Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի Գլխաւորած Դաշինքը Քուէարկութեան Արդիւնքները Չէ Ընդունած

Քոչարեանի Գլխաւորած Դաշինքը Քուէարկութեան Արդիւնքները Չէ Ընդունած

by MassisPost

Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը քուէարկութեան արդիւնքները կը վիճարկէ Սահմանադրական դատարան, յայտարարեց դաշինքի անդամ՝ Մուշեղ Սաղաթէլեան։

Հետագայ անելիքներու մասին Ռոպերթ Քոչարեան պիտի խօսի վաղուայ յունիս 22-ի ասուլիսին։

Ընտրութեան արդիւնքներու վերաբերեալ «Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն տարածած է գիշերը, երբ քուէարկութեան պատկերը դեռ ամբողջական չէր։ Դաշինքի գնահատմամբ՝ հրապարակուող արդիւնքները խիստ վիճայարոյց են եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր․ – «Դրանք ծայրայեղ հակասութեան մէջ են մտնում հանրային կեանքի տարբեր դրսեւորումների հետ, որոնց ականատեսն ենք եղել անցած 8 ամիսների ընթացքում, հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան բոլոր արդիւնքների հետ՝ այդ թւում միջազգային, վերջապէս՝ պարզ բանականութեան հետ։ Քարոզարշաւի ընթացքում ընդդիմադիր ուժերի խիստ բազմամարդ հաւաքները եւ իշխանութեան ակնյայտ սակաւամարդ միջոցառումները, երկրում առկայ վստահութեան ճգնաժամը մատնացոյց էին անում լրիւ այլ հանրային տրամադրութիւնների առկայութիւնը: Վստահութեան պակասի լրջագոյն հիմք են հանդիսանում բուն ընտրութեան օրը տարբեր տեղամասերից եկող հարիւրաւոր ահազանգերը, որոնք վկայում են ընտրութեան արդիւնքների համակարգուած եւ նախապէս ծրագրուած կեղծարարութեան մասին»:

Հաշուի առնելով այս ամէնը՝ «Հայաստան» դաշինքը անմիջապէս պիտի ուսումնասիրէ արձանագրուած եւ ենթադրուող խախտումները․ – «Եւ քանի դեռ բոլոր խնդրայարոյց հարցերը չեն ստացել սպառիչ բացատրութիւններ, եւ փարատուած չեն կասկածները, «Հայաստան» դաշինքը չի ընդունելու ընտրութիւնների արդիւնքները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment