Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ/ԺՄԻԳ Դիտորդները Նշած Են Որ Ընտրութիւնները Մրցակցային Էին Եւ Լաւ Կազմակերպուած

ԵԱՀԿ/ԺՄԻԳ Դիտորդները Նշած Են Որ Ընտրութիւնները Մրցակցային Էին Եւ Լաւ Կազմակերպուած

by MassisPost

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները մրցակցային էին եւ լաւ կազմակերպուած, սակայն բեւեռացուած եւ խաթարուած էին յարձակողական հռետորաբանութեամբ, նշած են միջազգային դիտորդները:
ԵԱՀԿ/ԺՄԻԳ դիտորդները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով, ուր ներկայացուցին որոշ մանրամասնութիւններ երէկ՝ Յունիս 20-ին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին:

«Ազգային անվտանգութեան խնդիրները քաղաքական խօսակցութեան մէջ գերակշռած են նախաքարոզչական եւ քարոզչական հատուածին», – նշած են դիտորդները աւելցնելով, որ բանավէճը տարուած է աւելի յաճախակի հնչող յարձակողական խօսքով եւ մեղադրանքներով՝ վատթարացնելով բեւեռացման բարձր աստիճանը եւ հետագային նուազեցնելով ուշադրութիւնը քաղաքական ծրագիրներու եւ քաղաքականութեան հանդէպ:

Ընտրութիւններու օրը ընդհանուր առմամբ խաղաղ անցած է, եւ դիտորդները մեծամասնութեամբ դրական գնահատական տուած են այցելուած ընտրատեղամասերու քուէարկութեան գործընթացներուն: Ըստ ԵԱՀԿ/ԺՄԻԳ դիտորդներուն՝ եղած են նաեւ կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու կողմէ վստահուած անձերու կողմէ քուէարկութեան գործընթացին միջամտելու որոշ դէպքեր: Խախտումներու մասին խօսելով հիմնականին տեխնիկական բնոյթի խախտումներ արձանագրած էին եւ նկատած, որ ընդհանուր առմամբ նոյնիսկ այդ խախտուները յստակ ազդեցութիւն չեն ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ. «Մենք տեսած ենք որոշ չնչին տեխնիկական խախտումներ որոշ տեղամասեր, ծանրաբեռնուած եղած են, որոշ տեղամասեր հաշմանդամներու համար հասանելիութիւն չէ ապահովուած, բայց սա որեւէ կերպ հարցի տակ չի դներ ժողովրդավարական կարգը եւ սահմանադրական կարգը»:

Ըստ անոնց՝ միջավայրը եղած է կառուցողական, այդուհանդերձ ատելութեան եւ յարձակողական խօսքը իր ազդեցութիւնը թողած է. «Չնայած այս բաւական բեւեռացուած միջավայրին, մենք ամբողջութեամբ ընդունած ենք ընտրութիւններու արդիւնքները բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ, որովհետեւ վերջիններս ունեցած են բոլոր կառուցակարգային բնութագիրները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment