Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԿԸՅ-ն Բաւարարած Է Չարչեանը Ազատութենէն Զրկելուն Համաձայնութիւն Տալու Միջնորդութիւնը

ԿԸՅ-ն Բաւարարած Է Չարչեանը Ազատութենէն Զրկելուն Համաձայնութիւն Տալու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

ԿԸՅ-ն բաւարարած է «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածու՝ Արմէն Չարչեանի վերաբերեալ դատախազութեան ներկայացուցած միջնորդութիւնները` անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զինք ազատութենէն զրկելուն համաձայնութիւն տալու: Այս մասին յայտնած են գլխաւոր դատախազութենէն:

«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար՝ Արմէն Չարչեանի կողմէ, աշխատակիցներու՝ իրմէ ծառայողական կախուածութեան մէջ գտնուելու հանգամանքը օգտագործելով, անոնց պարտադիր կերպով Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելուն, իր ներկայացուցած դաշինքի օգտին քուէարկելու եւ ընտրութիւններուն մասնակցող յստակ կուսակցութեան օգտին չքուէարկելուն պարտադրելու դէպքի առթիւ Յունիս 18-ին Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս յարուցուած էր քրէական գործ: Ան նոյն օրը ձերբակալուած էր, ապա ազատ արձակուած:

ԿԸՅ-ն այսօրուայ նիստին բաւարարած է դատախազի 2 միջնորդութիւնն ալ: Անոնց վերաբերեալ ՀՀ ԿԸՅ-ի որոշումները դատախազը ուղարկած է վարոյթի իրագործող մարմնին՝ անհրաժեշտ դատավարական գործողութիւններ կատարելու համար։

Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment