Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պաշտպանութեան Բանակին Մէջ Նկատուած Են Քարոզչութեան Դէպքեր, Նշանակուած Է Ծառայողական Քննութիւն

Պաշտպանութեան Բանակին Մէջ Նկատուած Են Քարոզչութեան Դէպքեր, Նշանակուած Է Ծառայողական Քննութիւն

by MassisPost

Յունիս 20-ին Հայաստան կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Արցախի պաշտպանութեան բանակին մէջ նկատուած են նախընտրական քաղաքական քարոզչութեան դէպքեր, յայտնած է Պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ)՝ ընդգծելով, որ այն բացարձակ անընդունելի է՝ հաշուի առնելով պարզ իրողութիւնը, որ զինուած ուժերը դուրս են քաղաքականութենէ:

Արձանագրուած դէպքերով նշանակուած է ծառայողական քննութիւն, տեղեկացուցած է ՊԲ-ը՝ նշելով, որ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնքով սահմանուած պատասխանատուութիւն։

Պաշտպանութեան բանակը խստօրէն դատապարտած է բոլոր նման միտումները, քաղաքական ուժերուն կոչ ըրած է «ձեռնպահ մնալ Արցախի ՊԲ-ն հայաստանեան ներքաղաքական գործընթացներին խառնելու, առաւել եւս՝ այս կամ այն թեկնածուի օգտին նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնելու փորձերից»:

«Հարկ ենք համարում նշել, որ այդ գործողութիւնները դուրս են օրէնքից, եւ բոլոր նրանք, ովքեր կը խախտեն քաղաքական գործընթացների հանդէպ չէզոքութեան կարեւորագոյն սկզբունքը, պատասխանատուութեան կ’ենթարկուեն իրաւական հարթութիւնում», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment