Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Զսպուածութեան Կոչը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Զսպուածութեան Կոչը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր՝ Յունիս 17-ին, ընդունած է Յունիսի 20-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը՝ ԵԱՀԿ ԽՎ փոխնախագահ Մարկարեթա Սետերֆելթի գլխաւորութեամբ, յայտնած է նախագահի աշխատակազմը:

Արմէն Սարգսեան ընդգծելով, որ նախընտրական քարոզարշաւը հասած է իր բարձրակէտին, իսկ ներքաղաքական մթնոլորտին մէջ լարուածութիւն կայ, ըսած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններն ու դաշինքները պէտք է դրսեւորեն առաւելագոյն պատասխանատուութիւն, զսպուածութիւն ու հանդուրժողականութիւն:

Կարեւորելով հասարակական համերաշխութիւնն ու երկրի կայունութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան անթոյլատրելի եւ անընդունելի համարած է ատելութեան կամ թշնամանքի, առաւել եւս՝ բռնութեան ու սպառնալիքի կոչերը եւ նշած, որ քաղաքական ուժերն ու գործիչները պէտք է ձեռնպահ մնան այդպիսի գործելակերպէ:

Զրուցակիցները նշած են, որ կ’ակնկալեն արդար, ազատ ու թափանցիկ ընտրութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment