Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յովահննէս Հաննէսեան Վաստակաշատ Մտաւորականի Յիշատակին, Մահուան 8-րդ Տարելիցին Առթիւ

Յովահննէս Հաննէսեան Վաստակաշատ Մտաւորականի Յիշատակին, Մահուան 8-րդ Տարելիցին Առթիւ

by MassisPost

Յովահննէս Հաննէսեանի Յոբելինականին Արտասանուաճ Ճառը Մայիս 22, 2008-ին 

ՏՕՔԹ․ ԳԵՒՈՐԳ Պ․ ՔԵՇԻՇԵԱՆ

Յովահննէս Հաննէսեան, արդարեւ, սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ, ա՛յն քիչերէն է որ լի՛ովին կ’արդարացնէ, իր վաստակով․ Յովնան Սրբազանին արտայայտած մէկ միտքը՝  թէ  «ողջունելի են անո՛նք որոնք կը կենսագործե՛ն, կը թրծե՛ն, կը ծաղկեցնե՛ն աստուածատուր իրենց շնորհքներն ու տաղա՛նդը, գեղեցկացնելով նախ՝ իրենց անձը, ապա նաեւ՝ իրենց շրջապատը․․․ Յովհաննէս Հաննէսեան կը պատկանի երախտաւորներու այդ բաղանգին։ Մեծ եղեռնէն մազապուրած ճողոպրած համեստ ընտանիքի զաւակ, ան իր ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Սահակեան Բարձագոյն վարժարանին մէջ։

Իրերամերժ մթնոլորտի մէջ մեծցող, չքաւոր, բայց ուսումնատենչ այս պատանին, կը յաջողի՛ ընդունուիլ, ի զարմանք բոլորին, Պէյրութի Ազգային Ճեմարանը, ուր, ազգային մեր տիտաններու՝ Լեւոն Շանթի, Աղբալեանի հայաբաբախ շունչին տակ կը դարբնուի ան։ Կը տիրանա՛յ արեւմտահայ լեզուի նրբութիւններուն թէ հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան հիմնական գիտելիքներուն։  Հայեցի դաստիարակութեամբ եւ գիտութեամբ զինուած, կը նետուի կեանքի ասպարէզ։  Չորս տարի ուսուցիչ է Պէյրութի Սահակեան վարժարանին մէջ։  Ապա պաշտօնեայ՝ Պէյրութի «Federal Bank»֊ի մէջ վեց տարի։  Հայ գրականության, հայ դպրութեան հանդէպ իր տածած խանդավառութիւնը զինք կը մղէ, ի գործ դնելով իր «պանքայ»֊ի մէջ սորված հաշուապահութեան, «Business»֊ի գաղտնիքները, եւ, յենելով՝ նաեւ իր նոյնքան մշակութասէր, տպագրիչ եղբօր՝ Կարապետ Հաննէսեանի մասնագիտութեան, միասնաբար հիմը կը դնեն 1952-ին, Պէյրութի Հայկական թաղամասի մը մէջ, Շիրակ հաստատութեան, գրատուն, հրատարակչատուն, տպարանին, որ կոչուած էր այնուհետեւ, դառնալու Սփիւռքահայ մեր ազգապահպանման հզօր գործոններէն մէկը։

Ես, 55 տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն եմ մշակած Յովհաննէսին եւ իր ընտանիքին հետ, իր կնոջ՝ աննման, հաւատարիմ, հեզահամբոյր, իր ամենավստահելի խորհրդատուն, եւ պահապան հրեշտակը հանդիսացող՝ Սօսի Գեւոնեան Հաննէսեանի, իր երկու պատուական զաւակներուն՝ Շահէին եւ Հրաչին։  Յովհաննէս բախտաւո՛ր է տակաւին իր հինգ սիրասուն թոռներով։

Յովհաննէսին վաստակին հաշուեկշիռը եթէ կ՛ուզենք ընել, կը բաւէ որ թուենք իր գործունէութեան, իր իրագործումներուն բնագաւառները՝

1․ Հաննէսեան՝ Մշակոյթի գործիչը։
2․ Հաննէսեան՝ Կրթական մշակը։
3․ Հաննէսեան՝ Հրատարակիչը։
4․ Հաննէսեան՝ Գրողն ու բառարանագէտը։
5․ Հաննէսեան՝ Հրապարագիրը։
6․ Հաննէսեան՝ Մտաւորականը։

1․ Կրթական վաստակաւոր մշակը
Հեղինակած է բազմատասնեակ գրքոյկներ հայ լեզուի ուսուցման մարզէն ներս։  Ան իր գրասէր, տպագրիչ եղբօր՝ Կարապետ Հաննէսեանի հետ, դարբինները կը հանդիսանան մեծ եղեռնէն ազատուած եւ Միջին Արեւելեան արաբական երկիրներու մէջ կայք հաստատած, թրքախօս զանգուածներու մօտ, հայ երաժշտութեան, հայկական ժողովրդական երգերու տարածման փրկարար աշխատանքին մէջ։  Հաննէսեանի ազգաշէն ճիգերը կը պսակուին յաջողութեամբ։  Շիրակ երգարանները, պարզ թէ ձայնագրեալը, կը կատարեն եզակի եւ ճակատագրական դեր։  Հայ ժողովրդական երգերու խմբագրութիւնը, հրատարակութիւնը, տարածումը սփիւռքի մէջ, կը պարտինք Հաննէսեան եղբայրներու «Շիրակ երգարաններուն․․․»։  Նորանոր երգիչներ քաջալերուեցան եւ դարձան հռչակաւոր՝ շնորհիւ «Շիրակ երգարաններու» եւ անոնցմով հայ երգին, հայ տոհմիկ թէ աշուղական երաժշտութեան ժողովրդականացման․․․։  Այսօր հաճոյքով կը հաստատենք որ «Շիրակ երգարանները» մուտք գործած են ամէն հայախօս, հայաբաբախ օճախներէն ներս, քիչ մը ամէն տեղ․․․։

Շիրակ հրատարակչատունէն լոյս տեսած են մեր գրականութեան դասական եւ ժամանակակից բազմաթի՛ւ հեղինակներ, ինչպիսիք՝ Գրիգոր Զոհրապ, Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Պարոնեան, Յովհաննէս Շիրազ, Եղիշէ Չարենց, Լեւոն Վարդան, եւայլն։

Ան քաջալերած է մե՜ծ թիւով սկսնակ գրողներ, որոնց կարգին ենք նաեւ մե՛նք, երկու իր վաղեմի բժիշկ բարեկամները՝ Տոքթ․ Յարութիւն Սաղրեան, որ իր անդրանիկ հեղինակութիւնը կատարած է Շիրակով, «Մինչեւ բժիշկին Ժամանումը» խորագրեալ հատորով։  Իսկ ես՝ 50֊ական թուականներուն, Միջին Արեւելքի մէջ խաւարի եւ տգիտութեան մէջ տուայտող նորահաս սերունդին ուղուած սեռային եւ մանկաբուծական֊դաստիարակչական չորս հատորներուս հրատարակութիւնը կը պարտիմ Յովհաննէս Հաննէսեան կրթական մշակին, «Շիրակ» հրատարակչատան նախաձեռնութեան․․․։

Հայ մշակոյթին սպասարկելու կիրքին, անպարագիծ տեսիլքին, նորարական ողջունելի՛ ոգի՛ին կը պարտինք անտարակոյս, Շիրակ հաստատութենէն հարիւրաւոր գիրքերու, գրական, գեղարուեստական, գիտական, բժշկագիտական, առողջապահական, մանկավարժական երկերու լոյս ընծայումը անցնող 60֊տարիներու ընթացքին։  Ինչպէս նաեւ բառարաններու հրատարակութիւնը ի՛ր իսկ աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ, երկու լեզուներով, Հայերէն֊Անգլերէն, Անգլերէն֊Հայերէն։

55th_Anniversary_Program_CRV.cdr

2․ Յովահննէս Հաննէսեան Ազգային֊Հասարակական Գործիչն ու Հրապարակագիրը։
Իր սիրած, թիթեղաշէն պատերով բայց ադամանդեա՛յ հայութեամբ բաբախուն վարժարանին, Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանի մէջ, չորս տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, ան, մա՛ս կազմած է այդ լուսոյ տաճառին հոգաբարձական մարմնին։  Ան եղած է նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկը, Յարութիւն Կուժունիի եւ այլոց հետ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան, որը յաջողեցան Պէյրութի մէջ, թիթեղաշէն Սահակեան Վարժարանը փոխարինել քարաշէն պատկառելի համալիրով մը։

Ան աշխատակցած է եւ մինչեւ հիմայ կ՛աշխատակցի հայ մամուլին։  Շատ չի՛ գրեր, բայց երբ գրէ՛ կամ կ՛արտայայտուի յօդուածով մը կատարողական ձեռնարկի մը մասին, կը կարդացուի հետաքրքրութեամբ, անթերի եւ տպաւորիչ հայերէնով, խորաթափանց վերլուծումներով։  Չի՜ գրեր սակայն մէկու մը կամ ձեռնարկի մը մասին, եթէ դրական բան մը չունի ըսելիք։  Որպէս ներհուն հրապարակագիր ան, Լոս Անճելըսի մէջ ստանձնեց մէկ տարիով «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կամաւորապէս։  Այդ ժամանակաշրջանին իր խմբագրականները իրենց շօշափած ազգային պարունակով, յետագային նիւթերը դարձան իր հրատարակած «Գաղթը Վերգով ու Երգով» երկին, որ լոյս տեսաւ 1988֊ին։  217֊էջնոց այս հատորը կ՛արժէ որ կարդաք, որովհետեւ ան Ամերիկահայ մեր կեանքին պատկերալից, իրապաշտ պատմութիւնն է․․․ ձեւով մը, նոր օրերու Շահան Շահնուրի հեղինական «Նահանջը Առանց Երգի» պարունակով․․․։  «Գաղթը Վերգով ու Երգով» գործը աւելի քան հարիւր դրուատալից գրախօսականներու արժանացած է սփիւռքի թէ Հայաստանի ականաւոր գրիչերու կողմէ։

55th_Anniversary_Program_CRV.cdr

3․ Հաննէսեան յարաշարժ մտաւորականը։
Ճշմարիտ մտաւորական որպէս»Շիրակ» հրատարակչատան համեստ գրասենեակը 50֊ական, 60֊ական, 70֊ական թուականներուն, Յովհաննէս Հաննէսեան դարձուցած էր Պէյրութի հայ մտաւորականներու, գործիչներու համազգային ժամադրավայրը։  Հոն էին Դաշնակցականը, Հնչակեանը, Ռամկավարը, «չեզոք»֊ը, Առաքելականն ու Կաթողիկէն։ «Շիրակ»֊ի մէջ կը ծեծուէին օրուայ հրատապ հարցերը, կը քննուէին լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները․․․։  Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիս Իսահակեանի Թիֆլիսի մէջ հաստատած եւ նշանաւոր դարձած՝ «Վերնատունը» կարծէք փոխադրուած ըլլար «Շիրակ» Հրատարակչատունը։

Հետաքրքրական է հաստատել որ Յովհաննէս Հաննէսեան, իր շուրջ հայ մտաւորականներ հաւաքելու աւանդութիւնը փոխադրած է հոս, Լոս Անճելըս, ապա Կլենտէյլ իր գրատունը, զայն վերանելով հաւաքավայրի։  Տարբեր քաղաքական ուղութիւն ունեցող մտաւորականներ, ի մի կու գան ամէն շաբաթ եւ 2-3 ժամ համով֊հոտով եւ զուարթախոհութեամբ կը ծեծեն ազգային հրատապ հարցեր։

* * *

Սիրելի Յովհաննէս, վարձքդ կատար․․․ կեանքդ անտարակոյս դարձաւ հոգեկան, հայրենասիրական, ազգասիրական ապրումներու, ազնուական զգացումներու օրրան։  Կէս դարէ աւելի ծառայեցիր հայ գիրին, հայ դպրութեան, հայ մշակոյթին։  Բերիր առիւծի բաժինդ ազգապահպանման մեր պայքարին, հրատարակութիւններովդ, Շիրակ երգարաններովդ, գրիչովդ, խօսքովդ, թէ յարատեւ ստեղծագործ եւ շինարար աշխատանքովդ։

Սպասարկեցիր, գեղեցիկին, ազնիւին, բարիին, օգտակարին, համազգային վեհ իտեալներու հաւատարիմ, յարգուեցար ու կը շարունակես յարգուիլ։  Իսկ վարձատրութի՞ւնդ․․․ վարձատրութիւնդ դո՛ւն պիտի գտնես մեր անմահ բանաստեղծին, Վահան Թէքէեանի հետեւեալ տողերուն մէջ։

«Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց․․․
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ ա՛յն միայն․․․
Ինչ որ տուի ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած
Մնալու ինձ հետ յաւիտեան․․․։

* * *

Քեզի արեւշատութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթենք, որպէսզի շարունակես՛ ըմբոշխնել քաղցր պտուղները պատկառելի վաստակիդ՝ գուրգուրանքը սիրատոչոր, անձնուէր կնոջդ՝ Սօսիին,

֊ Օրինակելի, յարգալից սէրը զաւակներուդ՝ Շահէին ու Հրաչին,
– Քեզմով հպարտ թոռնիկներուդ,
– Քեզ իսկապէս սիրող բարեկամներուդ,
– Երախտիքը՝ Ազգիդ, Եկեղեցւոյդ թէ Հայենիքիդ։

Մայիս 22, 2008

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment