Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքճեան Դատապարտուած Է 20 Տարուայ Ազատազրկման

Լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքճեան Դատապարտուած Է 20 Տարուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, խախտելով միջազգային իրաւունքի նորմերը, 20 տարուայ ազատազրկման դատապարտած են Շուշիի մերձակայքը գերեվարուած լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքճեանը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, անոր դէմ ներկայացուած էին քանի մը մեղադրանքներ, մասնաւորապէս,  ահաբեկչութիւն, կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ մասնակցութիւն եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի հատել:

Լիբանանահայը հինգ տարի պիտի անցընէ բանտ, իսկ մնացած տարիները՝ խստացուած ռեժիմի ուղղիչ հաստատութիւն:

Յիշեցնենք, որ Վիգէն Իւլճէքճեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ՝ Մարալ Նաճարեան գերեվարուած էին Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ համաձայնագիրը կնքուելէն ետք:  Վիգէն Իւլճէքեան, որպէս թաքսիի վարորդ Նաճարեանը կը տեղափոխէր Բերձոր՝ այնտեղէն իր իրերը վերցնելու:

2021 թուականի մարտին, Մարալ Նաճարեան ազատ արձակուած էր եւ տեղափոխուած Լիբանան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment