Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սիւնիք Մերժեց Քոչարեանը Հակառակ Անոր Դաշինքին Միացած Համայնքապետերու Բոլոր Ջանքերուն

Սիւնիք Մերժեց Քոչարեանը Հակառակ Անոր Դաշինքին Միացած Համայնքապետերու Բոլոր Ջանքերուն

by MassisPost

Երէկ՝ Յունիս 7-ին, Կապանի մէջ Քոչարեանի հանրահաւաքը նաեւ անցած է բաւական սակաւաթիւ մասնակիցներով, յատկապէս, եթէ հաշուի առնենք, որ Կապանի քաղաքապետը, կը սատարէ «Հայաստան» դաշինքին։

Եւ այս այն պարագային, երբ Քոչարեանի ցուցակին վրայ հանգրուանած Սիւնիքի համայնքապետերը վարչական լծակներ ունին, իսկ Վահէ Յակոբեանն ալ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենայինի սեփականատէրերէն է եւ աշխատակիցներուն վրայ լծակներ ունի։

Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցածը սիւնեցիներու պատասխանն է Քոչարեանին՝ Փաշինեանի դէմ հայհոյանքներով հաւաքներ եւ խուլիկանութիւն կազմակերպելուն համար։

Այսօրուայ  Գորիսի հանրահաւաքին եւս քիչ մարդ ներկայ եղած է։

Այսպիսով Քոչարեանը Սիւնիքին մէջ  կատարեալ անյաջողութիւն ապրած է, չնայած որ կ’ակնկալէր հզօր մեկնարկ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment