Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ղարաբաղի Կարգավիճակը Դեռ Պէտք Է Համաձայնեցուի». Լաւրով

«Ղարաբաղի Կարգավիճակը Դեռ Պէտք Է Համաձայնեցուի». Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը դեռ պէտք է համաձայնեցնել, սակայն հիմա անհրաժեշտ է շեշտը դնել ոչ թէ անոր, այլ խաղաղ կեանքը տարածաշրջան վերադարձնելու վրայ: Այդ մասին Լաւրով ըսած է «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համաժողովին:

«Ես կը հասկնամ, որ շատերը հիմա կ’ըսեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը անորոշ մնացած է, այդ պէտք է վերջնականապէս համաձայնեցնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ, որոնք հիմա պէտք է, երեւի, ոչ թէ կարգավիճակը արծարծեն, այլ նպաստեն վստահութեան ամրապնդման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման, որ հայերն ու ատրպէյճանցիները նորէն սկսին ապրիլ միասին՝ անվտանգութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման պայմաններու մէջ: Եւ այդ ժամանակ, կը հաւատացնեմ, երկու-երեք տարի ետք, եթէ մենք հաստատենք այդպիսի կեանք, կարգավիճակի խնդիրները շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլան լուծել»,- ըսած է Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրովի խօսքով՝ հակամարտութեան մասնակից երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ հնչող յայտարարութիւնները շատ յաճախ պայմանաւորուած են յոյզերով:

«Մենք կոչ կ’ընենք բոլորին, անոնց որոնք ներգրաւուած են այդ իրավիճակի մէջ, նպաստած այդ հողի վրայ ապրողներու անդորրի եւ բնականոն կեանքի վերականգնման», – ըսած է Լաւրով, նշելով, որ Ռուսաստանը խաղաղապահներու եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ծառայողներու ջանքերով ճիշդ այդ խնդիրը կը լուծէ:

Նախարարը նաեւ խօսած է տարածաշրջանի փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման հարցով զբաղող եռակողմ աշխատանքային խումբի մասին:

«Եռակողմ խումբի աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը կը չափուի այն հանգամանքով, թէ որքանով ապաշրջափակման հետեւանքով պիտի բարելաւուի մարդոց կեանքը: Այդ քննարկումներուն անպայման հաշիւի կ’առնուին Թուրքիոյ եւ Իրանի շահերը, այլապէս ապաշրջափակումը առաւելագոյն արդիւնք չի տար», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ան նշած է նաեւ, որ կայունացնող եւ օգտակար դեր կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ռեժիմի դիտարկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment