Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրակաշառք Տալու եւ Ստանալու Դէպքի Առթիւ Երկու Անձ Բերման Ենթարկուած Է

Ընտրակաշառք Տալու եւ Ստանալու Դէպքի Առթիւ Երկու Անձ Բերման Ենթարկուած Է

by MassisPost

Դատախազութեան հաղորդմամբ` այսօր՝ Յունիս 9-ին, ոստիկանութեան Գաւառի բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ ԱԺ-ի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններէն մէկու ներկայացուցիչներու կողմէն Գաւառի տարածաշրջանի ընտրողներուն բնամթերային տեսքով կաշառք տրուած է եւ նշուած կուսակցութեան օգտին կողմ քուէարկելու համար:

«Նիւթերի նախապատրաստմամբ փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել այն մասին, որ 2021 թուականի Յունիս 8-ին՝ ժամը 21:20-ի սահմաններում, այդ կուսակցութեան Գաւառի տարածքային գրասենեակի ղեկավար Ա. Ա.-ն ընտրողներին կաշառք տալու համար նոյն գրասենեակի քարտուղար Ս. Զ.-ի՝ Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքում գտնուող բնակարան է տեղափոխել շուրջ 80 փաթեթ սննդամթերք՝ յանձնարարելով նրան ըստ ցուցակի բաժանել ընտրողներին», – յայտնած է դատախազութիւնը:

Շարունակելով` կառոյցը նշած է, որ առտուընէ սկսեալ՝ Ս. Զ.-ն, ըստ ցուցակի, 8 ընտրողներուն որպէս կաշառք տուած է մէկական փաթեթ սննդամթերք՝ իւրաքանչիւրը մօտ 7000 դրամ արժողութեամբ՝ կուսակցութեան օգտին կողմ քուէարկելու համար:

Նկատի ունենալով, որ նախապատրաստուած նիւթերուն մէջ առերեւոյթ առկայ են խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ երկու եւ աւելի ընտրողներուն կաշառք տալու եւ ստանալու յանցագործութեան յատկանիշներ, ոստիկանութենէն ներս դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, Ա. Ա.-ն եւ Ս.Զ.-ն բերման ենթարկուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment