Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 2011-2020 Թուականնեուն Ներմուծուած Սպառազինութեան 2/3-րդը Ատրպէյճան Ստացած Է Ռուսաստանէն ու Պելառուսիայէն. SIPRI

2011-2020 Թուականնեուն Ներմուծուած Սպառազինութեան 2/3-րդը Ատրպէյճան Ստացած Է Ռուսաստանէն ու Պելառուսիայէն. SIPRI

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին նախորդած տասը տարուայ ընթացքին՝ 2011-2020 թուականներուն, Ատրպէյճանը Հայաստանէն 8,2 անգամ աւելի շատ սպառազինութիւն ներմուծած է, որու 2/3-րդը Պաքուն ստացած է ՀԱՊԿ անդամ Ռուսաստանէն եւ Պելառուսիայէն, փաստած է Սթոքհոլմի մէջ Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկը՝ SIPRI-ին։

Ըստ հիմնարկի հրապարակման, քանի որ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Ատրպէյճանը չունին նշանակալի ռազմական արդիւնաբերութիւն, հարկադրուած են սպառազինութեան գերակշիռ մասը ներմուծել, եւ 2011-2020 թուականներու ընթացքին, Պաքուն ներմուծած է 3 միլիառ 274 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն, Հայաստանը՝ 398 միլիոն տոլարի։ Ընդ որում, հայաստանեան ներմուծումներու գերակշիռ մասը թուագրուած են 2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ՝ 2019-ին. միայն այդ տարի Երեւանը ներմուծած է 248 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն կամ տասը տարուայ ընթացքին ներմուծուածի 62,3 տոկոսը։

Թէ պատերազմի նախապատրաստուող Հայաստանի իշխանութիւնները ինչու՞ նման զուսպ կեցուածք դրսեւորած են տարիներէ ի վեր, անշուշտ, առանցքային հարց է։

SIPRI-ի հետազօտողներու բերած թիւերուն համաձայն, 2011-2020 թուականներու ընթացքին, Ատրպէյճանին մատակարարած սպառազինութեան 60,1 տոկոսը եկած է Ռուսաստանէն, 26,6 տոկոսը՝ Իսրայէլէն, 7,1 տոկոսը՝ ՀԱՊԿ-ի գծով Հայաստանի մէկ այլ դաշնակից Պելառուսիայէն, Թուրքիայէն՝ 2,9 տոկոսը, այլ երկիրներէ՝ 3,3 տոկոսը։

Հայաստանի պարագային եւս Ռուսաստանն է հիմնական մատակարարը՝ ամբողջ սպառազինութեան 93,7 տոկոսը ռուսաստանեան է, յաջորդը Յորդանանն է՝ 5,3 տոկոս, երրորդ տեղը Ուքրանիան է՝ 1 տոկոս։

Այսինքն, ըստ հետազօտութեան, 44-օրեայ պատերազմին նախորդած տասը տարիներուն Ռուսաստանը գրեթէ երկու միլիառ (1 միլիառ 967 միլիոն) տոլարի սպառազինութիւն մատակարարած է Ատրպէյճանին, Պելառուսը՝ աւելի քան 232 միլիոն տոլարի։ Հայաստանին Ռուսաստանը մատակարարած է 372,9 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն։

SIPRI-ի համաձայն, 2011-2020 թուականներուն, Ռուսաստանը Հայաստանին մատակարարած է հետեւակի մարտական մեքենաներ, հրասայլեր, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, համազարկային կրակի ինքնամուղ համակարգեր։ 2016-ին Մոսկուան Երեւանին փոխանցած է «Իսքանտեր» հրթիռային համալիրները՝ 300 քիլոմեթր հեռահարութեամբ, որոնցմէ առնուազն մէկը Հայաստան կիրառած է 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։ 2016-2017 թուականներուն Ռուսաստանը մատակարարած է համազարկային կրակի  «Սմերչ» համակարգեր, որոնք նոյնպէս կիրառուած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին։ 2019 թուականին Ռուսաստանէն ժամանած են Су-30 СМ չորս կործանիչներ, որոնք, սակայն, ըստ SIPRI-ի, չեն կիրառուած 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։ Պատճառը չէ նշուած։

Նոյն ժամանակահատուածին Քրեմլինը Ատրպէյճանին մատակարարած է հետեւակի մարտական մեքենաներ, հրասայլեր, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, փոխադրային եւ հարուածային ուղղաթիռներ, համազարկային կրակի ինքնամուղ համակարգեր, հրետանի։ Բոլոր այս զինատեսակները, SIPRI-ի հետազօտողներու պնդմամբ, կիրառուած են հայկական ուժերու դէմ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին։ Օրինակ, դեռ 2013-ին մատակարարուած «Սմերչ» համակարգերը 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ կիրառուած են Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու դէմ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment