Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Արիւնահեղութիւնը Կանգ Առած Է Քրեմլինի Վճռորոշ Դերակատարութեան Շնորհիւ, Շեշտած Է Զախարովան

Ղարաբաղի Արիւնահեղութիւնը Կանգ Առած Է Քրեմլինի Վճռորոշ Դերակատարութեան Շնորհիւ, Շեշտած Է Զախարովան

by MassisPost

«Ղարաբաղի արիւնահեղութիւնը կանգ առած է Քրեմլինի վճռորոշ դերակատարութեան շնորհիւ, եւ Մոսկուան, ի տարբերութիւն որոշ գործընկերներու, պատասխանատու կերպով կը մօտենայ այս հարցին», յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Մարիա Զախարովան «Իզվեսթիա» պարբերականի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Արդեօ՞ք Ռուսաստանը կրնայ ըլլալ այն միջնորդը, որ կը կարողանայ լիովին կարգաւորել այս բարդագոյն խնդիրը եւ այսօր պահպանել խաղաղութիւն», – հարցուցած է լրագրողը:

Վերջնական կարգաւորման մասին Զախարովան նախընտրած է չխօսիլ, փոխարէնը ընդգծած է, որ գործ ունինք տեւական ժամանակ շարունակուող հակամարտութեան հետ, որ պարբերաբար կը վերածուէր ռազմական բախումներու, իսկ անցեալ աշնան հասած էր թէժ հակամարտութեան: «Բուն արիւնահեղութիւնը, անշուշտ, կանգնեցաւ` շնորհիւ այն համաձայնութիւններուն, որոնք մշակուած էին անցեալ նոյեմբերին», – ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը, ընդգծելով, որ անոնց ձեռքբերման գործով Ռուսաստանը ոչ թէ պարզ մասնակցութիւն ունեցած է, այլ` վճռորոշ դերակատարութիւն, նախ եւ առաջ` ի դէմս նախագահ Փութինի:

«Ինչ կը նշանակէ պատասխանատուութիւն. այդ խնդրի խորքային իմացութիւնն է, երկրորդը` ոչ թէ ուղղակի երկխօսութիւնը, այլ` վստահառատ յարաբերութիւններու հաստատումն ու զարգացումը երկու կողմի հետ` առանց վնասելու անոնցմէ որեւէ մէկուն շահերը, առանց կողմերը իրարու դէմ հանելու կամ կռուեցնելու, ինչով յստակ զբաղած են մեր արտասահմանցի գործընկերներէն շատերը», – ըսած է Զախարովան: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը չէ յստակացուցած` որու մասին է խօսքը, բայց պնդած է` Հայաստանին ու Ատրպէյճանին իրարու դէմ հանելով՝ այդ երկիրները պարզապէս սեփական շահ կը հետապնդեն. – «Անոնք իրենց օգուտը կը քաղեն, կը գժտեցնեն այլոց, յետոյ իբր թէ ինչ որ հաշտարարի դեր կը ստանձնեն: Մինչդեռ Ռուսաստան իր քայլերը կ’առնէ ի շահ կարգաւորման` եւ այս է պատասխանատու մօտեցումը»:

Զախարովան յայտնած է, թէ ռուսական կողմը բանակցութիւններ ու խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի հետ շուրջօրեայ ռեժիմով: «Արտաքին գործոց նախարարներու, դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ու դեսպանատուներու խողովակներով մենք փոխգործակցութեան մէջ ենք բառացիօրէն ամէն օր: Այդ իսկ պատճառով, կարելի է ըսել, որ Ռուսաստանի կողմէ վիթխարի ջանքեր ներդրուած են այս իրավիճակի հանգուցալուծման համար թէ՛ հակամարտութեան թէժ փուլին, երբ իսկապէս կանգ առնուեցաւ արիւնահեղութիւնը եւ թէ՛ անկէ յետոյ», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment