Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանային Վէճերը Լուծելու Համար Ուժի Գործադրումը Անընդունելի Է. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներ

Սահմանային Վէճերը Լուծելու Համար Ուժի Գործադրումը Անընդունելի Է. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներ

by MassisPost

Սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի գործադրումը կամ սպառնալիքը անընդունելի է` յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եռանախագահները։

«Մենք երկու կողմերուն կոչ կ’ընենք անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու, ներառեալ զօրքերը ետ քաշելու, իրավիճակի լիցքաթափման եւ սահմանը խաղաղ գծելու ու սահմանազատելու բանակցութիւններ սկսելու համար», – յայտարարած են Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջնորդները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցիլ այդ գործընթացին։

Ընդգծելով ԵԱՀԿ-էն իրենց տրուած մանտաթի պայմանները եւ կայուն, խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայի՝ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներու ձգտումները, համանախագահները կրկին կոչ կ’ընեն կողմերուն հնարաւորինս շուտ վերսկսելու բանակցութիւնները իրենց հովանիի ներքոյ:

Կը հաղորդուի, որ Իկոր Փոփովը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ Էնտրիւ Շոֆըրը երէկ՝ Մայիս 27-ին եւ այսօր, խորհրդակցութիւններ կայացուցած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ՝ Փիթըր Մաուրըրի եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար՝ Ֆիլիփին Կրանտիի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ Անճէյ Քասփշիքը: Համանախագահները ի գիտութիւն ընդունած են Մայիս 27-ին 6 հայ զինծառայողներու ձերբակալուած ըլլալու մասին տեղեկութիւնը եւ կոչ ըրած ազատելու բոլոր ռազմագերիները ու միւս ձերբակալուած անձերը՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։

«Համանախագահները վճռականօրէն կոչ կ’ընեն կողմերուն անյապաղ վերացնելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի բոլոր սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ իրականացնելու Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները», – ըսուած է այսօր տարածուած համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment