Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Կեդրոնը Միայն Տեսողական Դիտարկում Կը Կատարէ». Լաւրով

«Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Կեդրոնը Միայն Տեսողական Դիտարկում Կը Կատարէ». Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով «Արկումենթի ի ֆաքթի» շաբաթական հանդէսին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման ռեժիմը հսկող ռուսաստանցի եւ թուրք զինուորականները միայն տեսողական եղանակով կը կատարեն առաքելութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Յունուարի 30-էն կը գործէ կրակի եւ ռազմական բոլոր գործողութիւններու դադրեցումը հսկող ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնը, եւ այն միայն տեսողական դիտարկումներ կը կատարէ», – ըսած է Լաւրով:

ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ այդ կեդրոնը ստեղծուած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու 2020 թուականի Նոյեմբեր 11-ի յուշագրի համաձայն:

Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Ռուսաստան յաջողած է պահպանել ջերմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, չնայած այն բանին, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմը անբարենպաստ ելք ունեցաւ հայերու համար:
«Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները ժամանակի քննութիւն անցուցած են, եւ ես կասկած չունիմ, որ անոնք կը շարունակեն զարգանալ երկկողմանի վստահութեան, ռազմավարական համագործակցութեան ու դաշնակցային փոխգործակցութեան ոգիով», – ըսած է Սերկէյ Լաւրով` անգամ մը եւս հարկ համարելով ընդգծել, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմը կանգ առած է Ռուսաստանի նախագահի անձնական ջանքերով: – «Մեր երկիրը միշտ պատրաստ է սատար կանգնիլ եղբայրական հայ ժողովուրդին: Անոր վկայութիւնը Ռուսաստանի, անձամբ նախագահ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ Փութինի միջնորդական ջանքերն էին, որոնց շնորհիւ կրցաւ կանգնեցնել ռազմական գործողութիւնները ու տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման գործընթաց սկսիլ»:
Լաւրով ընդգծած է, որ կարեւոր է հասկնալ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները միայն ղարաբաղեան խնդրով չեն սահմանափակուիր. – «Մեր միջեւ աննախադէպ աշխոյժ եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած քաղաքական երկխօսութիւն կայ բարձր եւ այլ մակարդակներու վրայ: Միայն այս տարի Հայաստանի ու Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ երկու հանդիպում կայացած է եւ բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ: Մայիսի սկիզբին ես այցելած էի Երեւան, տեղի կ’ունենան նաեւ միջխորհրդարանական շփումներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment