Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պարտութեան Միակ Պատասխանատուն Փաշինեանը Չէ». Տէր Պետրոսեան

«Պարտութեան Միակ Պատասխանատուն Փաշինեանը Չէ». Տէր Պետրոսեան

by MassisPost

Կէս ճշմարտութիւն է այն, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմին կրած պարտութեան միակ պատասխանատուն եւ միակ մեղաւորը Նիկոլ Փաշինեանն է։ Այսօր՝ Մայիս 24-ին հրապարակուած ծաւալուն յօդուածով նման գնահատական հնչեցուցած է առաջին նախագահ, առաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցութեան մասին յայտարարած Հայ ազգային քոնկրէսի ղեկավար՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։

Ըստ անոր՝ 1997 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւնները, բացի ՀՀՇ-էն ընտրած են փոխզիջումներու մերժման կործանարար ուղեգիծը, ինչ որ յանգեցուցած է այսօրուայ աղէտին։ Առաջին նախագահը ընդգծած է, որ պատասխանատուութեան բաժին ունի նաեւ, այսպէս կոչուած էլիտան (վերնախաւը)՝ մտաւորականութենէն մինչեւ լրագրողներ, եւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր ազգային կառոյցներու առաջնորդները:

«Մի խօսքով` ողջ այն ուժերը, որոնք հայդատականութիւնը, պահանջատիրութիւնը եւ ոչմիթիզականութիւնը դարձրել էին հայութեան ազգային դաւանանքը, ընդ որում, նոյնքան անքննելի, որքան Աստուածաշունչը: Պատկերաւոր ասած՝ թուարկածս բոլոր ուժերը, Նիկոլ Փաշինեանի եզրափակիչ դերակատարութեամբ, փայլուն կերպով իրականացրին Վազգէն Սարգսեանի երկու «պատուիրանները».

ա. «Արիւնով նուաճուած հողը թղթով չեն յանձնում» – այսինքն՝ յանձնում են աւելի մեծ արիւնով, ինչը եւ տեղի ունեցաւ:

բ. «Փոխզիջման կը գնանք այն ժամանակ, երբ հարկադրուած կը լինենք» – իսկ հարկադրուած լուծումը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ անձնատրութիւն, ինչը նոյնպէս իրականութիւն դարձաւ», – նշած է առաջին նախագահը:

Ապա Տէր Պետրոսեան շարունակած է, որ Վազգէն Սարգսեան գիտակցած է այդ թէզի սխալը եւ փորձած զայն ուղղել Կարէն Դեմիրճեանի հետ կնքած դաշինքի միջոցով: Ըստ առաջին նախագահին՝ այդ դաշինքը կրնար ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը վերադարձնել իրատեսական հուն, եթէ չ’ըլլար Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութիւնը։ Առաջին նախագահի խօսքով՝ «վերոշարադրեալի ողջ իմաստն այն է, որ մենք իրականում պարտուել ենք ոչ թէ Ատրպէյճանին, այլ քաղաքական մտքի տհասութեան պատճառով ինքներս ենք այդ պարտութիւնը բերել մեր գլխին»: Ըսած է՝ թէ հարկաւոր է դասեր քաղել պատմութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment