Մայիս 12-ին եւ ապա յաջորդող օրերուն ատրպէյճանական զինուած ուժերը երեք ուղղութիւններով ներթափանցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք: Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ թշնամիի փոքր միաւորներ մինչեւ 3.5 քիլոմեթր յառաջացած են Սիւնիքի մարզի Սեւ Լիճի շրջանէն ներս:
Իրադարձութիւններու մասին տարաբնոյթ տեղեկութիւններ տարածուեցան հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնք սկսան գրել նաեւ բախումներու եւ սահմանային այլ դիրքերու ուղղութեամբ յառաջխաղացումներու մասին: Սկզբնական ժամերուն պաշտօնական տեղեկատուութեան պակասը նպաստեցին հակասական լուրերու արագընթաց տարածման եւ հանրային կարծիքի մօտ արդարացի հարցերու յառաջացման:
Յաջորդող օրերուն բազմաթիւ անգամներ հաղորդուեցաւ, որ տեղական հրամանատարներու միջեւ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւնները եւ գոյացած է համաձայնութիւն՝ Ատրպէյճանցի զինուորներու իրենց ելման կէտ վերադարձնելու ուղղութեամբ: Այդուհանդերձ, սահմաններու վրայ իրավիճակը էական փոփոխութեան չենթարկուեցաւ ու վերջին տուելաներով ատրպէյճանցիները կը շարունակեն մնալ Սիւնիքի, Վարդենիսի, Սիսիանի ուղղութիւններով իրենց առաջ եկած վայրերուն մէջ:
Սահմանին ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ պաշտօնական Երեւանը լծուեցաւ դիւանագիտական լայնածաւալ աշխատանքի, յոյս ունենալով հարցը լուծել առանց զինեալ բախումներու, որուն այս պահուն հաւանաբար պատրաստ չէ Հայկական կողմը: Իսկ, իրադարձութիւններու նման կերպ զարգացումը կրնայ պատրուակ ծառայել Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւին, գործադրութեան դնելու վերջին շրջանին անոր կատարած սպառնալիքները` Զանգեզուրով Նախիջեւան միջանցք ապահովելու ուղղութեամբ:
Հայաստան առաջին հերթին դիմեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), որուն անդամ դարձած է, անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն՝ 1992-ի Մայիսին Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Ռուսաստանի, Տաճիկստանի եւ Ուզբեկստանի կողքին: Տարի մը ետք պայմանագրին միացան նաեւ Պելառուսը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը: Սակայն հետագային Վրաստանն ու Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Ուզբեկիստանը դուրս եկան կազմակերպութենէն եւ հոն մնացին Հայաստանը, Ռուսաստանը, Պելառուսը, Տաճիկստանը, Ղազախստանը եւ Ղրղզստանը:
ՀԱՊԿ կանոնադրութեան համաձայն, եթէ անդամ երկիրներէն որեւէ մէկու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը վտանգուի, անդամ միւս երկիրները պարտաւոր են օգնութիւն տրամադրել դիմող երկրին: Բնականաբար, տրամաբանական էր որ Հայաստան առաջին հերթին պիտի դիմէր այդ զինուորական դաշինքին: Առայժմ, ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութիւնը բաւարարուեցաւ յայտարարելով որ խորհրդակցութիւններ սկսած են անդամ երկիրներուն միջեւ:
Սահմանային իրադարձութեան շուրջ առաւել յստակ կողմնորոշում արտայայտեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ ոչ միայն պահանջեց օտար զօրքերը դուրս բերել Հայկական տարածքներէն, այլ եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանին՝ ՄԱԿ-ի կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային:
Նկատելի է նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած մտահոգութիւնը վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ի տարբերութիւն Ամերիկայի նախորդ վարչակազմին, Պայտընի Սպիտակ Տունը ակտիւ բանակցութիւններ կը վարէ Պաքուի եւ Երեւանի հետ՝ հարցերը խաղաղ միջոցներով ու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան ծիրէն ներս լուծելու ուղղութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, անոր կողմէ հնչող հրապարակային յայտարարութիւնները չեն գոհացներ Հայ հասարակութեան լայն շերտերը, որոնք աւելին կը սպասեն ռազմավարական դաշնակիցէն: Մոսկուան, իր տարբեր խօսնակներու միջոցաւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ միջնորդել սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով, մինչեւ օրս զօրակցական ոչ մէկ կեցուածք արտայայտելով եւ կամ օտար զօրքերը Հայաստանի սահմաններէն դուրս բերելու պահանջով: Այս կեցուածքը բնականաբար Հայաստանէն ներս դժգոհութիւն կը յառաջացնէ շատերու մօտ, իսկ ուրիշներ կը պահանջեն նայիլ այլ ուղղութիւններով` երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով: Ոմանք սակայն այն տեսակէտ կը յայտնեն, որ Ռուսաստանը ըլլալով Նոյեմբեր 9-ի պատերազմի աւարտին շուրջ համաձայնութիւնը հովանաւորող երկիր, առնուազն հրապարակաւ պէտք է չէզոքութիւն ցուցաբերէ երկու կողմերուն միջեւ:
Այս զարգացումներու լոյսի տակ ուշագրաւ էր, երբ Հայաս-տանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մայիս 18-ի երե-կոյեան հանդէս եկաւ բաւական խիստ յայտարարութեամբ, ուր կար յստակ բանաձեւուած սպառնալիք Ատրպէյճանի հասցէին. «Ողջամիտ ժամկէտներում խաղաղ կարգաւորման բացակայութեան, այն է՝ ատրպէյճանցի զինուորականներու առանց նախապայմաններու իրենց ելման դիրքեր չվերադառնալու դէպքում, ՀՀ զինուած ուժերը իրաւունք են վերապահում խնդիրը լուծել այլ, այդ թւում նաեւ ուժային տարբերակով»: Հայկական կողմի դիրքերու այս կարծրացումը ինչպիսի գործընթացներու արդիւնք են, դժուար է այժմ կռահել, սակայն կարելի է ենթադրել, որ արտաքին որոշ ազդակներ դեր ունեցած են անոր մէջ՝ ներառեալ Ռուսաստանի կողմէ:
«ՄԱՍԻՍ»