Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարուքեան Չի Բացառեր, որ Յունիս 20-ի Ընտրութիւնները Չեղարկուին

Մարուքեան Չի Բացառեր, որ Յունիս 20-ի Ընտրութիւնները Չեղարկուին

by MassisPost

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը չի բացառեր, որ սահմանային իրադրութեան լարման հետեւանքով՝ Յունիս 20-ին նշանակուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները գուցէ ընդհանրապէս տեղի չունենան։ «Եթէ ամէն օր ատրպէյճանական զինուժը պէտք է շատանայ թուաքանակով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, ի՞նչ ընտրութիւնների մասին է խօսքը գնալու, դա ի՞նչ ընտրութիւն է լինելու, ինչի՞ց ենք խօսելու էդ ընտրութիւնների ժամանակ», – յայտարարեց Էտմոն Մարուքեան:

Արտահերթ ընտրութիւններուն առանց դաշինքի մասնակցելու մասին յայտարարած «Լուսաւոր Հայաստան» Մայիս 23-ին համագումար կայացուց, կառավարման եւ քաղաքական խորհուրդներ ընտրեց, սակայն ընտրութիւններու նախընտրակ ցուցակ չհրապարակեց՝ այն դեռ կազմուած չէ: Միայն յայտնի է, որ «Լուսաւոր»-ի վարչապետի թեկնածուն Մարուքեանն է, որու խօսքով՝ ցուցակ չեն կազմած, որ նոր մարդոց ու ուժերու ներգրաւելու հնարաւորութիւն ըլլայ:

Այսօր՝ մայիս 24-ին հրապարակուած «Կելլափ Ինթըրնեյշընըլ»-ի հարցումներու համաձայն՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը այժմ 2 տոկոս վարկանիշ ունի, իսկ խորհրդարան անցնելու համար պէտք է առնուազն 5 տոկոս ձայն հաւաքել:

Կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու՝ Էտմոն Մարուքեան ներկայացուց իրենց աւելի վաղ կատարած հարցման արդիւնքները. – «Մենք ունեցել ենք հարցում մօտաւորապէս մինչեւ նախկին իշխանութեան դաշտը պառակտուելը, էդ ժամանակ ենք ունեցել՝ մենք երրորդ տեղով գնում էինք: Պառակտուելուց յետոյ, նշանակում է, որ էնտեղ հատուածը, որը որ Քոչարեանի շուրջ էր կեդրոնացած, կիսուել է: Հետեւաբար՝ առիթները մեծանում են»:

«Լուսաւոր»-ը ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Կայ այլընտրանք, քուէարկի՛ր» կարգախօսով: «Միասին բոլորով դա ասենք, տեսնենք՝ կը ստացուի՞ մեր մօտ, թէ՝ ոչ, որովհետեւ դա լսելու էք բոլոր տեղերում. կայ այլընտրանք, քուէարկի՛ր, կայ այլընտրանք, քուէարկի՛ր, կայ այլընտրանք, քուէարկի՛ր», – ըսաւ Մարուքեան եւ յաջորդեցին ծափահարութիւնները:

Համագումարի ընթացքին «Լուսաւոր»-ը նոր քաղաքական ծրագիր ընդունեց, զոր ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Գէորգ Գորգիսեան։ Կուսակցութիւնը առաջարկած է փոխել Սահմանադրութիւնը՝ «ընդլայնել նախագահի եւ խորհրդարանի լիազօրութիւնները, վերականգնել Գիւղատնտեսութեան, Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւնները, բնականաբար՝ աւելի արդիւնաւէտ կառուցուածքով», – յայտարարեց Գորգիսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment