Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ Դիտորդներու Առաջին Խումբը Ժամանած է Հայաստան

ԵԱՀԿ Դիտորդներու Առաջին Խումբը Ժամանած է Հայաստան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին պիտի հետեւին նաեւ միջազգային դիտորդները։ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) առաքելութեան 11 դիտորդները Երեւան են, Մայիս 26-ին Հայաստան կու գան եւս 24 երկարաժամկէտ դիտորդներ, իսկ բուն ընտրութեան օրը կ’ակնկալուի, որ առաքելութեան 250 դիտորդներ ներկայ ըլլան Հայաստանի տարբեր ընտրատեղամասեր։

«Հայաստանի մէջ մեր առաքելութիւնը իշխանութիւններու պաշտօնական հրաւէրով է, պիտի հետեւինք, թէ որքանով  Հայաստանը կը հետեւի ԵԱՀԿ-ի անդամակցութեան ծիրէն ներս ստանձնած պատաւորութիւններուն։ Ես պիտի ղեկավարեմ առաքելութիւնը, որ կազմուած է 11 միջազգային փորձագէտներէ ԵԱՀԿ-ին անդամակցող 9 երկիրներէ։ Կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն դիմած ենք նաեւ 24 երկարաժամկէտ դիտորդներ ուղարկելու խնդրանքով, որոնք կը տեղակայուին Հայաստան Մայիս 26-ին, ինչպէս նաեւ պիտի դիմենք 250 կարճաժամկէտ դիտորդներ ուղարկելու խնդրանքով հետեւելու Յունիսի ընտրութեան օրուայ ընթացքին։ Այս կախեալ է նաեւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի առնչուող իրավիճակի վերաբերեալ մեր գնահատականներէն, անոնց կարգին ԵԱՀԿ ողջ տարածքին ճամբորդելու սահմանփակումներէն ու Հայաստանի տեղական առողջապահական կարգաւորումներէն», – այսօր՝ Մայիս 19-ի ասուլիսի ընթացքին ըսաւ առաքելութեան ղեկավար՝ Էողան Մերֆին։

Անոր խօսքով, պիտի հետեւին, թէ որքանով ընտրութիւնները կը համապատասխանեն ժողովրդավարական ընտրութիւններու ու ազգային օրէնսդրութեան չափանիշներուն։ Իսկ անկէ առաջ պիտի հետեւին քարոզաշրշաւի ընթացքին եւ լուսաբանման։ Ինչպէս նախապէս, այս անգամ ալ դիտորդները կ’ունենան միջանկեալ զեկոյց, ապա յայտարարութիւն՝ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու վերաբերեալ ընտրութեան յաջորդ օրը, իսկ Յունիս 20-էն մօտ 2 ամիս ետք արդէն ամփոփ վերջնական զեկոյց ընտրական ողջ գործընթացի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment