Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հնդկաստանի Կոչը Ատրպէյճանին «Անյապաղ Ետ Քաշել Ուժերը Հայաստանէն»

Հնդկաստանի Կոչը Ատրպէյճանին «Անյապաղ Ետ Քաշել Ուժերը Հայաստանէն»

by MassisPost

Պաշտօնական Նիւ Տէլհին մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադրութեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին, այսօր՝ Մայիս 19-ին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը՝ պատասխանելով լրատուամիջոցներու հարցումին։

«Սահմանային ներխուժումները ռազմական տեղաշարժերով կարող են ապակայունացնել իրավիճակը եւ յանգեցնել մարտական գործողութիւններու վերսկսման», – ըսուած է յայտարարութեամբ, որ հրապարակուած է Հնդկաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական կայքէջը։

«Կոչ կ’ուղղենք խախտող կողմին անմիջապէս ետ քաշելու ուժերը եւ դադրեցնելու որեւէ հետագայ սադրանք», – յայտարարած է խօսնակը՝ շեշտելով, որ Հնդկաստանը միշտ հանդէս եկած է երկկողմանի վէճերու խաղաղ, քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծման օգտին։

«Խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ կարեւոր է տարածաշրջանային անվտանգութեան տեսակէտէն», – ըսուած է Հնդկաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment