Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Վանեցեան կը Գլխաւորէ ՀՀԿ-Ի Ու «Հայրենիքի» Կազմաւորած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը

Արթուր Վանեցեան կը Գլխաւորէ ՀՀԿ-Ի Ու «Հայրենիքի» Կազմաւորած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը

by MassisPost

Յուշագիրը ստորագրուած է եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ վարչապետի թեկնածու՝ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորութեամբ՝ կազմաւորուած։

Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական եւ Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութիւնները միաւորող դաշինքի յուշագրին մէջ ըսուած է. «Մենք ընդունել ենք մեր սխալները, մեր գործունէութեան մէջ եղել են թերացումներ ու սխալներ։ Քաղաքականութեան մէջ սխալների գինը իշխանութեան կորուստն է, մենք այդ գինը վճարել ենք եւ քաղել ենք դասերը։ Գալիս ենք ահազանգելու մտահոգութիւնների մասին՝ ուղիղ ու շիտակ խօսելու կառավարութեան սնանկ ռազմավարութեան ու գործելաոճի մասին»։

«Հայաստանի գործող իշխանութիւնների ոչ համարժէք վարքագիծը լաւատեսութեան ոչ մի հիմք չեն տալիս յուսալու, որ նման պայմաններում մենք այսօր կարողանանք գրագէտ կանխել վերահաս նոր վտանգը եւ պետութեան ընթացքը տեղափոխել անվտանգ ու զարգացման հեռանկար ունեցող  հունի  վրայ, իսկ դա հնարաւոր է առանց իշխանութիւնը զաւթած ժողովրդականների», – յայտարարեց Սարգսեան:

Դէպի անցեալ վերադարձ պիտի չըլլայ ընդգծեց 2018-ին ժողովրդական ճնշմամբ հրաժարական տուած Սերժ Սարգսեանը իր ելոյթին մէջ, իսկ պետութեան կործանման ընթացքին կողքէն նայիլ չէին ուզեր. «Մենք հեռացնելու ենք եւ պատիւ ենք պահանջելու մեր պետութիւնը հեղինակազրկած, թշնամու առջեւ ծնկած եւ նուաստացած հողատուներից եւ կասեցնելու ենք պետութեան անկումը»:

«Վերադարձ անցեալին չի լինելու» արտայայտութեան հեղինակը Արթուր Վանեցեանն էր, որ դեռ մէկ տարի առաջ յայտարարած էր, թէ անհրաժեշտ է ստեղծել քաղաքական ուժ մը, որ կը փորձէ համախմբել գործող ու նախկին իշխանութիւններէն դժգոհ հասարակութեան հատուածին։ Ի՞նչ փոխուեցաւ մէկ տարի ետք, որ միաւորեց ԱԱԾ նախկին տնօրէնին ու նախկին իշխանական ՀՀԿ-ին։ Ի դէպ, Վանեցեանի՝ ԱԱԾ տնօրէն եղած ժամանակ բազմաթիւ քրէական գործեր յարուցուած են, անոնց կարգին` Հանրապետականի առաջնորդի մտերիմներուն նկատմամբ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment