Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանին Տիրող Իրավիճակը Յարութիւնեան-Զաս Հեռախօսազրոյցի Օրակարգ

Սահմանին Տիրող Իրավիճակը Յարութիւնեան-Զաս Հեռախօսազրոյցի Օրակարգ

by MassisPost

Մայիս 17-ին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռախօսազրոյցը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասի հետ։

Վաղարշակ Յարութիւնեան ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը, արձանագրելով, որ չնայած այն հանգամանգին, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ատրպէյճանական զինուորականներու քանի մը խումբեր նախորդ օրերուն եւ այսօր վերադարձած են իրենց ելման դիրքերը, սակայն անոնց մէկ մասը դեռ կը շարունակէ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս եւ, փաստօրէն, ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով ստեղծուած խնդիրը լուծուած չէ։

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ հաշուի առնելով հանգամանքը, որ ատրպէյճանցի զինուորականները կը գտնուին հայկական ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ, որ սահմանային այդ հատուածներու երկու կողմն ալ մեծ ուժեր կուտակուած են, իրավիճակը եթէ արագ չհանգուցալուծուի հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ։

Սթանիսլաւ Զաս իր հերթին նշած է, որ ՀԱՊԿ-էն ուշադիր կը հետեւին ստեղծուած իրադրութեան շուրջ զարգացումներուն, եւ որ այն պիտի քննարկուի առաջիկայ օրերուն, Տուշանպէի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, տեղեկացուցած են ՊՆ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment