Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Freedom House-ը Պաքուին Կոչ Ըրած է Աջակցելու ՄԻԵԴ-ին՝ Քննելու Հայ Գերիներու Նկատմամբ Անմարդկային Վերաբերմունքի Մասին Հաղորդումները

Freedom House-ը Պաքուին Կոչ Ըրած է Աջակցելու ՄԻԵԴ-ին՝ Քննելու Հայ Գերիներու Նկատմամբ Անմարդկային Վերաբերմունքի Մասին Հաղորդումները

by MassisPost

Հեղինակաւոր Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին համագործակցելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի հետ եւ սերտօրէն աջակցելու՝ հետաքննելու հայ ձերբակալուածներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի մասին հաղորդումները։ Ընդ որում, միջազգային իրաւապաշտպան խումբը պնդած է, որ այս հետաքննութիւնը պէտք է իրագործուի՝ անկախ բանտերը պահուող հայերու կարգավիճակէն։

Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութենէն աւելի քան վեց ամիս անց, Freedom House-ը իր հրապարակած յայտարարութեան մեջ կը փաստէ, որ Ատրպէյճան կալանքի տակ պահուող 200 հայերու ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, նորանոր հաղորդումներ կը ստացուին անոնց նկատմամբ նուաստացումներու եւ կտտանքներու մասին, այն պարագային, որ անոնց վերադարձը համաձայնեցուած էր ամիսներ առաջ երկու երկիրներու միջեւ կնքուած հրադադարով։

«Անհրաժեշտ է ապահովել, որ դեռ անազատութեան մէջ գտնուող անձինք ունենան միջազգային մարդասիրական ու մարդու իրաւունքներու նորմերով ամրագրուած պաշտպանութեան բոլոր միջոցները, բացառել խոշտանգումներն ու անմարդկային վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ տուեալներ տրամադրել անոնց հայրենադարձութեան վերաբերեալ», – յայտարարած է միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը։

Աւելի վաղ՝ այս ամսուայ սկիզբին, հայաստանցի իրաւապաշտպաններ Արտակ Զեյնալեանն ու Սիրանուշ Սահակեանը դիմած էին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ պնդելով, որ ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած հայերէն 19-ը խոշտանգուած ու սպաննուած են ատրպէյճանցի զինծառայողներու կողմէ։ Ըստ հայ իրաւապաշտպաններու տուեալներուն, սպաննուածներէն 12-ը քաղաքացիական անձինք էին, 7-ը՝ զինծառայողներ։

Freedom House-ը նաեւ կը փաստէ, որ հայ ձերբակալուածները ատրպէյճանական գերութեան մէջ բռնութիւններու ու նուաստացնող վերաբերմունքի կ’արժանանան, յիշեցնելով, որ այդ մասին ամիսներ առաջ ահազանգած էր նաեւ հեղինակաւոր մէկ այլ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւն։ «Դաժան վերաբերմունքը, ներառեալ` հայ զինուորներու խոշտանգումները, նողկալի են ու կը հանդիսանան պատերազմական յանցագործութիւն», – յայտարարած էր Human Rights Watch-ը։ Ստուգելով ընկերային հարթակներով շրջանառուող տեսանիւթերն ու հաղորդումները, ինչպէս նաեւ զրուցելով ատրպէյճանական գերութենէն ազատ արձակուած քանի մը հայ զինծառայողներու հետ՝ Նիւ Եորք տեղակայուած իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը դեռ երկու ամիս առաջ յորդորած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետաքննել հայ գերիներու հանդէպ վատ վերաբերմունքի բոլոր պնդումներն ու մեղաւորները ենթարկել պատասխանատուութեան։ Մինչ օրս, սակայն, այս ուղղութեամբ որեւէ տեղաշարժ չէ եղած։

Freedom House-ը երէկուայ յայտարարութեամբ յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը այս հարցով պարտաւորութիւններ ստանձնած է միջազգային համայնքի առջեւ։ «Որպէս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի կողմ պետութիւն՝ Ատրպէյճանը պարտաւոր է սերտօրէն համագործակցիլ Եւրոպական դատարանի հետ եւ տրամադրել պահանջուող բոլոր տեղեկութիւնները՝ այս լուրջ հարցերու թափանցիկ հետաքննութիւնը ապահովելու համար», – յայտարարած է Freedom House-ի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ծրագիրներու տնօրէն՝ Մարք Պեհրենտթը:

Ամիսներ առաջ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն տեղեկութիւններ պահանջած էր մօտ 200 հայ գերիներու մասին։ Պաքուն, սակայն, մինչ օրս անոնցմէ միայն 72-ի առկայութիւնը հաստատած է, պնդելով, թէ միւս՝ աւելի քան 100 հայերու մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի։ Աւելին` Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարբերաբար կը յայտարարեն, որ գերիներու վերադարձի մասով իրենց պարտաւորութիւնը ամբողջովին իրագործած-աւարտած են, որ այժմ Ատրպէյճան կը պահուին միայն այն զինծառայողները, որոնք ձերբակալուած են Նոյեմբեր 9-ի հրադադարէն յետոյ՝ Հադրութի շրջանի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերու դիրքերը։ Պաքուն զիրենք ներթափանցող կը համարէ եւ կը պատրաստուի դատել։

Մինչդեռ հայկական կողմը կը պնդէ, որ ասիկա ընթացիկ, բաց զինուած հակամարտութիւն է, ինչ որ ըստ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին կը նշանակէ, որ ձերբակալուած հայերը ռազմագերի են եւ պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին՝ առանց որեւէ նախապայմանի, անկախ այն հանգամանքէն, թէ երբ եւ ինչ պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment