Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Ատրպէյճան Պահուած Հայ Գերիները

Ֆրանսան Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Ատրպէյճան Պահուած Հայ Գերիները

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է Ատրպէյճան պահուած հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ նախարարութեան Թուիթըր-ի էջին վրայ կատարուած գրառման արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կցած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու Մայիս 5-ի յայտարարութեան:

«Մենք կոչ կ’ընենք անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները: Մայիս 4-ին Ատրպէյճան պահուող երեք հայ գերիներու ազատ արձակումը դրական ժեստ է այդ ուղղութեամբ»,- նշած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment