Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Facebook Դիմատետրը Հեռացուցած Է Ատրպէյճանի ՊՆ Հետ Կապուած Հաշիւներ Ու Էջեր

Facebook Դիմատետրը Հեռացուցած Է Ատրպէյճանի ՊՆ Հետ Կապուած Հաշիւներ Ու Էջեր

by MassisPost

Facebook Դիմատետրը ջնջած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապուած ընկերային ցանցերու էջեր։ Այս մասին կը տեղեկանանք Դիմատետրի տարածած մամլոյ հաղորդագրութենէն։ Դիմատետրը հեռացուցած է 124 դիմատետրեան հաշիւ, 15 էջ, 6 խումբ եւ 30 ինսթակրամեան հաշիւ։ Այդ էջերը հիմնականին  թիրախ դարձուցած էին ատրպէյճանական ներքին լսարանը, նաեւ Հայաստանը։ Դիմատետրը կապեր յայտնաբերած է այդ հաշիւներուն եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment