Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Երթալու Նպատակով Փաշինեան Հրաժարական Տուաւ Վարչապետի Պաշտօնէն

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Երթալու Նպատակով Փաշինեան Հրաժարական Տուաւ Վարչապետի Պաշտօնէն

by MassisPost

Յունիսի 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն երթալու նպատակով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 25-ին հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն: Ժողովուրդին ուղղուած իր ելոյթին մէջ Փաշինեան բացատրեց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ հնարաւոր կը դառնան միայն մէկ պարագայի, երբ ինքը հրաժարական տայ ու Խորհրդարանը երկու անգամ չընտրէ վարչապետի թեկնածու:

«Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը վարչապետ չի ընտրի, եւ Ազգային ժողովը կը համարուի արձակուած, ու կը նշանակուեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ», – ըսաւ ան:

Փաշինեան յայտնեց որ, ինքը կարող էր այլ օր հրաժարական տալ, բայց կարեւոր համարեց այս քայլը առնել «Քաղաքացու օրուայ» առթիւ. «Սա կարեւոր խորհրդանիշն է այն բանի, որ այսպիսով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացուց ստացած իշխանութիւնը մենք վերադարձնում ենք քաղաքացուն, որպէսզի նա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, որոշի իշխանութեան հետագայ ճակատագիրը ազատ, արդար, մրցակցային ընտրութիւններով»:

Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ 2020 թուականի աղէտալի իրադարձութիւններու պատճառներու, հիմքերու, լուծումներու մասին արտայայտուեցան գրեթէ բոլորը՝ քաղաքական ուժերը, կառավարութեան անդամներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, հասարակական կազմակերպութիւններ, ոչ պաշտօնական խումբեր: «Միայն ժողովուրդը կարծիք արտայայտելու ինստիտուցիոնալ հնարաւորութիւն չի ունեցել: Ուրեմն ժողովուրդը պէտք է իր խօսքն ասելու, անցեալի ու ներկայի վերաբերեալ գնահատականներ տալու եւ ապագայի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւն ունենայ»:

Փաշինեան յիշեցուց, որ 2021-ին արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու առաջարկ ինք ըրած էր տակաւին նախորդ տարուայ վերջին, սակայն շարք մը քաղաքական ուժերու կողմէ այն մերժուած էր: «Մենք հնազանդօրէն կ՛ենթարկուենք ժողովրդի կայացրած որոշումներին եւ անմնացորդ կը կատարենք մեր պարտականութիւնները ժողովրդի առաջ: Եթէ ժողովուրդը որոշի, որ ես պէտք է հեռանամ վարչապետի պաշտօնից, ես կը կատարեմ այդ որոշումը, եթէ ժողովուրդը որոշի, որ պիտի շարունակեմ պաշտօնավարել որպէս վարչապետ, ես կը կատարեմ այդ որոշումը»,- ըսաւ վարչապետը, յայտնելով որ, այս ընթացքին կը շարունակէ կատարել վարչապետի պարտականութիւնները:

Փաշինեանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Արմէն Սարգսեան, ինչպէս նախատեսուած է երկրի Սահմանադրութեամբ, ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment