Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Կը Դատապարտէ Ամերիկայի Նախագահին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը

Թուրքիա Կը Դատապարտէ Ամերիկայի Նախագահին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ հայերու ցեղասպանութեան ճանաչումը «խորը վէրք բացած է, որ կը խարխլէ մեր փոխադարձ վստահութիւնն ու բարեկամութիւնը», – յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Անգարան Պայտընի յայտարարութիւնը բնորոշած է որպէս պատմութեան աղաւաղում, պնդելով, թէ այդ քայլը կը նպաստէ այն շրջանակներու օրակարգին, որոնք կը փորձեն թշնամութիւն հրահրել:

«Մենք կը մերժենք եւ ամենակոշտ կերպով կը դատապարտենք ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը 1915 թուականի վերաբերեալ», – ըսուած է Թուրքիոյ կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Ակնյայտ է, որ Պայտընի յայտարարութիւնը գիտական ու իրաւական որեւէ յենք չունի, ոչ ալ հիմնուած է որեւէ ապացոյցի վրայ», – աւելցուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ կոչ ընելով Ամերիկայի առաջնորդին «ուղղել այդ մեծագոյն սխալը»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Էրտողանի եւս քննադատած է երրորդ երկիրներուն, որոնք կը միջամտեն Անգարայի ներքին գործերուն:

«Նմանօրինակ քննարկումներէն ոեւէ մէկը չի շահիր, անոնցմով պէտք է զբաղին պատմաբանները»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, աւելցնելով որ, երրորդ երկիրներու կողմէ քաղաքականացնելով` «այս հարցը կը դառնայ գործիք մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment