Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Կ’ողջունէ Նախագահ Ճօ Պայտընի Ուղերձը

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Կ’ողջունէ Նախագահ Ճօ Պայտընի Ուղերձը

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’ողջունէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Եղեռնի ոգեկոչման 106-ամեակին առիթով Սպիտակ Տան ուղերձին մէջ «Ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումը:

Պատմական փաստի ճշգրիտ բնութագրումը առաջին հերթին կը սրբագրէ ԱՄՆ նախորդ վարչակազմերու բացթողումը եւ ընդմիշտ վերջ կը դնէ Ցեղասպանութեան հարցի շահարկման տխուր աւանդոյթին, ինչպէս նաեւ ամենամեայ սպասումներուն եւ յուսախաբութիւններուն, որոնց կ’ենթարկուէին ամերիկահայ համայնքը եւ համայն հայութիւնը:

Այս կարեւոր իրադարձութիւնը առաւել եւս կ’իմաստաւորուի այսօր՝ ի տես Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած վերջին պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ հայ ժողովուրդի դէմ դրսեւորած բացայայտ թշնամական վերաբերմունքին: Միաժամանակ, սա աներկբայ մերժումն է թրքական իշխանութիւններուն վարած ժխտողական քաղաքականութեան եւ յստակ ուղերձ, որ տասնամեակներ երկարող քաղաքական սպառնալիքներու եւ ապատեղեկատուութեան արշաւը ձախողած է եւ եկած է սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու պահը:

Այս առիթով, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նախագահ Պայտընին, որ ճշմարտութիւնը եւ մարդկային արդարութիւնը վեր դասելով քաղաքական նկատառումներէ՝ քաջութիւնը ունեցաւ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Լիայոյս ենք, որ այս դժուարին հանգրուանին, ԱՄՆ վարչակազմը կ’ընդլայնէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու բարգաւաճման ուղղուած օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Մինսկի խումբի շրջանակէն ներս կը բազմապատկէ իր ջանքերը՝ ի խնդիր Արցախի հարցի բարւոք լուծման, հիմնուելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վրայ:

Այս պատեհ առիթը պէտք է նաեւ խթան հանդիսանայ մեզի, որպէսզի առաջ անցնելով Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն, լծուինք մեր իրաւունքներու վերականգնման գործնական հայեցակարգի ստեղծման: Իսկ այդ դժուարին առաջադրանքը կը կարօտի մարդկային եւ նիւթական հսկայական միջոցներու, որ կրնայ միայն հնարաւոր դառնալ միասնականութեան եւ համայն հայութեան կարողականութեան համատեղման շնորհիւ:

Բիւ’ր յարգանք` Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին:

Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Ապրիլ 24, 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment