Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Մօտ Հայաստանի Դեսպանը Ատրպէյճանի Նախագահի Սպառնալիքներու Առնչութեամբ Նամակ Յղած Է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին

ՄԱԿ-ի Մօտ Հայաստանի Դեսպանը Ատրպէյճանի Նախագահի Սպառնալիքներու Առնչութեամբ Նամակ Յղած Է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին

by MassisPost

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի տեւական ներկայացուցիչ՝ Մհեր Մարգարեան նամակ յղած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կուտերեշին՝ Ատրպէյճանի նախագահի Ապրիլ 20-ի ելոյթին հնչած Հայաստանի դէմ ուժի կիրառման սպառնալիքներու եւ տարածքային նկրտումներու առնչութեամբ։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նամակին մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ բռնութեան եւ հակահայկական ատելութեան քարոզի ու ռազմատենչ գաղափարախօսութեան վրայ, ինչ որ, Մարգարեանի խօսքով, սպառնալիք կը ներկայացնէ ոչ միայն հայ ժողովուրդի եւ սեփական հայրենիքի մէջ ապրելու իր իրաւունքին, այլեւ ողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։

ՀՀ տեւական ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ այս ակնյայտօրէն կը փաստէ, որ համաշխարհային համավարակի պայմաններուն, Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը զէնքի ուժով լուծելու փորձ էր։

Դեսպան Մարգարեան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանի տարածքային պահանջները եւ սպառնալիքները ուժի կիրառմամբ ստեղծելու, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» սնանկ են թէ´ պատմութեան եւ թէ´ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, եւ նման հռետորաբանութիւնը կը հակասէ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն։

Ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը՝ գերութեան մէջ պահելով բազմաթիւ հայ ռազմագերիներու եւ քարոզելով բռնութիւն ու ցեղապաշտութիւն ազգութեամբ հայերու նկատմամբ Պաքուի «պուրակ»ին, որ նացիստական շրջանի քարոզչութեան ակնյայտ նմանակում է։

«Հայաստանը դատապարտում է սադրիչ հռետորաբանութիւնը, ցեղապաշտական գաղափարախօսութիւնը եւ ուժ կիրառելու սպառնալիքները, ինչը կարող է յանգեցնել տարածաշրջանում իրավիճակի ապակայունացմանը եւ վերահաստատում է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շրջանակներում յանձնառութիւնների լիարժէք, անյապաղ եւ բարեխիղճ իրականացման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս՝ ռազմագերիների, պատանդների եւ գերեվարուած այլ անձանց ազատ արձակման առնչութեամբ», – նշած է Մհեր Մարգարեան։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ, օրերս յայտարարեց, թէ պիտի կատարեն «Զանգեզուրի միջանցքի իրականացման խնդիրը»՝ անկախ թէ Հայաստան կ’ուզէ այդ, թէ՝ ոչ: Եթէ Հայաստանը ցանկանայ, խնդիրը, ըստ Ալիեւի, կարելի է լուծել հեշտութեամբ, եթէ ոչ՝ իրենք «զայն կը լուծեն ուժով»: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ «101 տարի անց ատրպէյճանական ժողովուրդը կը վերադառնայ զաւթուած Զանգեզուր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment