Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վենետիկի Յանձնաժողովի Կարծիքը Աւելի Դրական Էր, Քան Ես Կը Սպասէի. Դանիէլ Իոաննիսեան

Վենետիկի Յանձնաժողովի Կարծիքը Աւելի Դրական Էր, Քան Ես Կը Սպասէի. Դանիէլ Իոաննիսեան

by MassisPost

Այսօրուընէ՝ Ապրիլ 23-էն սկսեալ 5 օրուայ ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան պէտք է ստորագրէ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած ու նախագահի կողմէ չստորագրուած՝ Ընտրական օրէնսգրքէն վարկանշային ցուցակները վերացնող օրէնքը. լրացած է անոր համար նախատեսուած 21 օրը։

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան չէր ստորագրած օրէնքը, ըստ էութեան այն հիմնաւորմամբ, թէ առաջարկուող փոփոխութիւնները ողջամիտ ժամկէտի մէջ չեն կատարուած, լայն հանրային, հասարակական ու քաղաքական քննարկումներ չեն կայացած։

Մինչդեռ Վենետիկի յանձնաժողովն ու ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը (ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը) երէկ հրապարակուած հրատապ համատեղ կարծիքով համոզմունք յայտնած են, թէ համամասնական ընտրակարգի պարզեցումը լայն աջակցութիւն ունի քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ, գոհունակութեամբ նշած են, որ բարեփոխութիւնը կատարուած է տարբեր քաղաքական ուժերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ փորձագիտական համայնքի հետ լայն խորհրդակցութիւններու միջոցով։

«Վենետիկի յանձաժողովի էս կարծիքը նոյնիսկ աւելի դրական էր, քան ես սպասում էի», – ըսաւ Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման ծրագիրներու համակարգող՝ Դանիէլ Իոաննիսեան։

Տարիներ շարունակ ընտրական բարեփոխութիւններուն մասնակցած Իոաննիսեան եւրոպական երկու կառոյցներու կարծիքը բացառիկ կը համարէ․ – «Կարծում էի, որ Վենետիկի յանձնաժողովն աւելի քննադատաբար կը մօտենայ, բայց նոյնիսկ այդ կէտերի մասով Վենետիկի յանձնաժողովը հասկացել է, որ հայաստանեան շրջածիրէն ներս դա կարեւոր է եւ նոյնիսկ այդ մասով դրական է արձագանգել։ Սա երբեւիցէ ընտրական վերաձեւաւորման հետ կապուած Վենետիկի յանձնաժողովի տուած ամենադրական մօտեցումն է Հայաստանի մասով»։

Եւրոպական կառոյցները ոչ միայն ողջունած են նախաձեռնուող փոփոխութիւնները, այլեւ անհրաժեշտ համարած հետագայ բարելաւումները։ Նաեւ 5 կէտով իրենց դիտարկումները ներկայացուցած են․ մասնաւորապէս կ’առաջարկեն հեղինակներուն վերանայիլ ընտրական շեմերուն վերաբերող դրոյթները, որոնք եւրոպական կառոյցներուն համահունչ չեն թուիր։

Առաջարկուող տարբերակով՝ կուսակցութիւնը խորհրդարան անցնելու համար 5-ի փոխարէն պէտք է հաւաքէ ընտրողներու ձայներու առնուազն 4 տոկոսը, իսկ դաշինքներու պարագային անցողիկ 7 տոկոսը կը բարձրանայ մինչեւ 8-ի։

Վենետիկի յանձնաժողով ուղարկուած փաթեթի միւս փոփոխութիւնները, եթէ նոյնիսկ մինչեւ ընտրութիւնները ընդունուին, նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, ըստ իշխող ուժի ներկայացուցիչներուն, հաւանաբար չեն կիրառուիր։ Սակայն քաղաքական հասարակութիւնը անհրաժեշտ կը համարէ, որ որոշ դրոյթներ ուժի մէջ մտնեն մինչ Յունիս 20-ը սպասուող ընտրութիւնները։

«Որ գոնէ 20-25 օր մենք ունենանք հաւասար լուսաբանման կանոն հեռուստատեսութիւններով, մենք ունենանք հաւասար փաշխուածութիւն գովազդային ցուցակների, մենք ունենանք վարչական միջոցի կիրառման արգելք, մենք ունենանք բարեգործութեան եւ քարոզչութեան մէկտեղման արգելք, մենք ունենանք դահլիճների անվճար տրամադրում կուսակցութիւններին», – ըսաւ Իոաննիսեան։

Ան համոզուած է, որ այս փոփութիւններու պարագային ընտրութիւնները աւելի քաղաքական կ’ըլլան եւ վերաջպէս այդ պարագային աւելի մօտ կ’ըլլայ քաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment