Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իսրայէլի Մօտ ՀՀ Դեսպանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Իսրայէլի Մօտ ՀՀ Դեսպանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպանին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարարի կողմէն թոյլ տրուած չարաշահումներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ փողերու լուացմամբ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու համար, յայտնած է Հայաստանի քննչական կոմիտէն։

Ինչպէս Քննչական կոմիտէն նշած է, քննութեամբ ձեռք բերուած տուեալներու համաձայն՝ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան, միեւնոյն ժամանակ «Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային համագործակցութեան հայկական» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ՝ Ա.Ս.-ն օժանդակած է ՀՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարար եւ վերոնշեալ հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ՝ Հ.Պ.-ի կողմէ պաշտօնէական դիրքի չարաշահմամբ Երեւան քաղաքի Աբովեան 3 հասցէ գտնուող եւ ՀՀ հողային օրէնսգրքի 60-րդ յօդուածի սահմանափակումներու ցանկին մէջ ընդգրկուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող շէնքի զբաղեցուցած հողամասը հասարակական կազմակերպութեան սեփականութիւնը դարձնելուն:

Այնուհետեւ նշուած հասցէն գտնուող պատմամշակութային արժէք հանդիսացող շէնքը եւ անոր զբաղեցուցած հողամասը, Հ.Պ.-ի հետ նախնական համաձայնութեամբ, ձեւական գործարքով՝ 550.000 ԱՄՆ տոլարով, վաճառած են հեռափնեայ Բրիտանական Վըրժինեան կղզիները գրանցուած, Հ.Պ.-ի հարսին պատկանող ընկերութեան` օրինականացնելով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը՝ խեղաթիւրելով գոյքի իրական բնոյթն ու ծագման աղբիւրը:

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէն տեղեկացուցած էր, որ նշուած քրէական գործով ՀՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարարը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ Քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ Քրէական օրէնսգրքի 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով, եւ անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը սկսած է գործել 2020-ի Օգոստոսի վերջը, դեսպանը՝ Արմէն Սմբատեան, այդ պաշտօնը գրաւած է 2018-էն։ Մինչեւ 2020-ը անոր նստավայրը Երեւանն էր։ 2020-ի Հոկտեմբերին ան ետ կանչուեցաւ Իսրայէլէն՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց․ – «Երբ միջազգային ողջ հանրութիւնը Ատրպէյճանին մարտական գործողութիւնների դադարեցման կոչ է անում, Իսրայէլը շարունակում է զէնքի մատակարարումներն Ատրպէյճանին։ Այս գործելաոճը մեզ համար անընդունելի է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment