Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Գերիներու ու Տեղահանուած Անձերու Հարցը Ներառուեցաւ ԵԽԽՎ Լիագումար Նիստի Օրակարգին Վրայ

Հայ Գերիներու ու Տեղահանուած Անձերու Հարցը Ներառուեցաւ ԵԽԽՎ Լիագումար Նիստի Օրակարգին Վրայ

by MassisPost

Հայ ռազմագերիներու, այլ գերեվարուածներու եւ տեղահանուած անձերու հարցի քննարկումը քուէարկութեամբ ներառուած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։ Այս մասին դիմատետրով տեղեկացուցած է ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Ռուբէն Ռուբինեան, որու խօսքով՝ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ապրիլ 20-ին:

Այսօր աւելի վաղ, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու հարցով կրկին դիմած է միջազգային կառոյցներուն՝ անոնց կարգին ԵԱՀԿ գործող նախագահին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, Եւրոպական խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարներուն։

Ընդհանուր առմամբ մինչ հիմա, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուած է 69 գերի։ Իսկ Ատրպէյճան տեղափոխուած է 16 անձ, ներառեալ՝ 2014-ին Արցախի էջ երեխայի սպաննութեան ու այլ յանցագործութիւններու համար դատապարտուած՝ Շահպազ Կուլիեւն ու Տիլհամ Ասքերովը։

Պաշտօնական Պաքուն կը յայտարարէ, թէ գերիներու հարցը փակուած է, եւ Ատրպէյճան պահուող անձինք ռազմագերիներ չեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment