Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարուքեան Նախկին Իշխանականներուն Առաջարկեց Չմասնակցիլ Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Մարուքեան Նախկին Իշխանականներուն Առաջարկեց Չմասնակցիլ Արտահերթ Ընտրութիւններուն

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի ընդդիմադիր՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան համոզուած է, որ եթէ սպասուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, նախկին իշխանութեան միւս ներկայացուցիչները ետ քաշուին, գործող իշխանութիւնը չի հաւաքեր բաւարար ձայներ՝ կրկին իշխանութեան գալու համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մարուքեան այսպիսի տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-ի կառավարութեան ծրագրի 2020 թուականի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի քննարկման՝ խմբակցութեան անունով իր ելոյթին:

«Թէ կառավարութեան ներկայացուցիչների, թէ իշխանական պատգամաւորների ելոյթները հետեւեալի մասին էին՝ 30 տարի երկիրը թալանել են, 30 տարի վատ է եղել, դրա համար այսպէս եղաւ, մենք մեղաւոր չենք: 30 տարուայ մէջ 3 տարի դուք էք իշխանութիւն, նշանակում է, որ 30 տարուայ 10 տոկոսը դուք էիք»,-ըսաւ Մարուքեան:

Ան նշեց իշխանութեան սխալներու, թերացումներու մասին ու աւելցուց. «Նրանք (նախկին իշխանութիւնը-խմբ.) մեղաւոր էին, դրա համար էք այստեղ, նրանք մեղաւոր էին, դրա համար եղել է յեղափոխութիւն: Հիմա ինչքա՞ն պէտք է խօսէք, ասէք, որ նրանք մեղաւոր էին: Բա դու՞ք, բա ձեր 10 տոկոսը»:

ԼՀԿ ղեկավարը նշեց, որ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու միակ հնարաւորութիւնը արտահերթ ընտրութիւններու ճանապարհով ներքաղաքական խնդիրը լուծելն է: Ըստ Մարուքեանի՝ գործող իշխանութեան ընտրազանգուածը բաղկացած է 2 հատուածէ: «Մի հատուածը այս իշխանութեան ջատագովն է, դա մօտ 10-15 տոկոս է: Մնացած մասը՝ 15 տոկոս է, թէ 20 տոկոս, նախկին իշխանութեան «անտիձայներն» են, որ գալիս են Նիկոլ Փաշինեանին, որ նրանք (նախկին իշխանութիւնները-խմբ.) չգան: Ես պաշտօնական առաջարկ եմ անում՝ Ռոպերթ Քոչարեանից սկսած, մինչեւ նախկին իշխանութեան միւս ներկայացուցիչներին, մի կողմ քաշուէք, եւ մենք այս մադկանց կը դարձնենք փոքր ընդդիմադիր խմբակցութիւն՝ իրենց ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանով: Մի կողմ քաշուէք, մի կողմ չքաշուեցիք, ձեր դէմ քարոզարշաւով գնալու են վերարտադրման ճանապարհով»,-ըսաւ Մարուքեան:

Ան շեշտեց, որ իրենք թոյլ պիտի չտան, որ ստեղծուած իրավիճակը շարունակուի եւ կրկնեց իր առաջարկը՝ ուղղուած բոլոր այն ուժերուն, որոնք կը պատրաստուին սպասուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ան շեշտեց, որ իրենք իրենց ընելիքը կ’ընեն, ու ներկայ իշխանութիւնը այլեւս իշխանութիւն չ’ըլլար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment