Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԲԴԽ Նախագահ՝ Ռուբէն Վարդազարեանի Լիազօրութիւնները Կասեցուած են

ԲԴԽ Նախագահ՝ Ռուբէն Վարդազարեանի Լիազօրութիւնները Կասեցուած են

by MassisPost

Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ) որոշում կայացուցած է Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները կասեցնել որպէս դատաւոր եւ որպէս ԲԴԽ անդամ (նախագահ)՝ մինչեւ վերջինիս նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով վարոյթի աւարտը, յայտնած է Խորհուրդի աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութիւնը:

«2021 թուականի Ապրիլ 15-ին, դռնփակ նիստում, Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, հիմք ընդունելով Գլխաւոր դատախազի կողմից Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահ, Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռուբէն Վարդազարեանի նկատմամբ ոչ իր լիազօրութիւնների իրականացման կապակցութեամբ քրէական հետապնդում յարուցելու մասին Բարձրագոյն դատական խորհրդին տեղեկացնելը եւ ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 86-րդ յօդուածի 7-րդ կէտով, 165-րդ յօդուածի 1-ին եւ 1.1-ին մասերով, որոշում է կայացրել Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները կասեցնել որպէս դատաւոր եւ որպէս ԲԴԽ անդամ (նախագահ)՝ մինչեւ վերջինիս նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով վարոյթի աւարտը», – ըսուած է ԲԴԽ-ի տարածած հաղորդագրութեամբ:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնները կը կատարէ Խորհուրդի տարիքով աւագ անդամ՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի գիտնական-անդամ Գագիկ Ջհանգիրեան:

«Ինթըրֆաքս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան յայտնած է, որ ԲԴԽ-ի նախագահ՝ Ռուբէն Վարդազարեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է ։

Աբրահամեան նաեւ նշած է, որ գործի յարուցման համար ԲԴԽ-ի համաձայնութիւնը չի պահանջուիր, քանի որ այն կապուած չէ Վարդազարեանի մասնագիտական գործունէութեան հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment