Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաարին: Հանդիպման ներկայ եղած է Հայաստանի ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան՝ Անտրեա Վիքթորին:
Վարչապետը գնահատած է ՀՀ-ԵՄ գործընկերութիւնը, որպէս արդիւնաւէտ, որու ծիրէն ներս բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կը կոչուին: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորութիւն տուած է ԵՄ-ի ներգրաւուածութեան Հայաստանի մէջ կատարուող ենթակառուցուածքային ծրագիրներու եւ, ի մասնաւորի, տեղեկացուցած, որ կառավարութիւնը որոշած է մեկնարկել «Հիւսիս-հարաւի» հարաւային՝ Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի շինարարութիւնը:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակին եւ մարդասիրական խնդիրներուն՝ վարչապետը նշած է, որ հայկական կողմի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը կը մնայ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, ինչ որ ամրագրուած է 2020-ի Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտով, սակայն Ատրպէյճանը կը փորձէ խեղաթիւրել այդ կէտի մեկնաբանութիւնը եւ ձգձգել ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձը: Նիկոլ Փաշինեան ԵՄ յատուկ ներկայացուցչի ուշադրութիւնը հրաւիրած է մարդասիրական այս կարեւոր հարցին վրայ եւ կարեւորած միջազգային գործընկերներու, անոնց կարգին՝ ԵՄ կառոյցներու առարկայական ներգրաւումը անոր լուծման մէջ:
Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ պաշտօնապէս խրախուսուող հայատեացութեան քաղաքականութեան, որու բացայայտ դրսեւորումը օրերս Պաքուի մէջ բացուած Արցախեան պատերազմի թեմայով «պուրակն» է եւ այնտեղ Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւնները փառաբանող «ցուցադրութիւնները», երեխաներու ներգրաւումը այդ քաղաքականութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեան խոր վրդովմունք յայտնած է այս կապակցութեամբ՝ զայն համարելով լուրջ մարտահրաւէր տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ընդգծած, որ անպատկերացնելի է 21-րդ դարուն Եւրոպայի խորհուրդի անդամ հանդիսացող երկրի կողմէ այսպիսի վարքագիծ, որ չի կրնար յարիր ըլլալ քաղաքակիրթ աշխարհին: Վարչապետը անհրաժեշտ համարած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգը Ատրպէյճանի մարդատեաց քաղաքականութեան եւ շեշտած, որ այս ամենամեծ հիմքն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքը կիրառելու համար:
ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ ԵՄ-ը կարեւորութիւն կու տայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ մտահոգիչ համարած այն խաթարող մարտահրաւէրներու դրսեւորումը, ինչ որ հնարաւոր չի դարձներ համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Թոյվօ Քլաարը ՀՀ վարչապետին ներկայացուցած է Հայաստանի սահմանամերձ մարզեր կատարած այցելութեան եւ այնտեղ ունեցած հանդիպումներու տպաւորութիւնները: Ընդգծուած է սահմանամերձ բնակավայրերու բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: