44-օրեայ պատերազմի անյայտ կորած ու գերեվարուած զինծառայողներու ծնողները արդէն երկու օր է ինքնաշարժներով փակած են Պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրի բոլոր մուտքերը։
Անոնք կը պահանջեն, որ Պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանը կամ Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Արտակ Դաւթեանը մօտենան իրենց, եւ ոչ թէ առանձին հանդիպումներու հրաւիրեն։
Կեսօրէն ետք, իրավիճակը սրուեցաւ, երբ անհետ կորածներու հարազատներուն մէջ տարածուեցաւ այն տեղեկութիւնը, թէ որեւէ պաշտօնեայ պիտի չգայ հանդիպման։
Քանի դեռ նախարարութեան մուտքերը փակ էին եւ աշխատակիցները՝ ներսը, քանի մը անգամ ուղղաթիռ մօտեցաւ ու վայրէջք կատարեց նախարարութեան տարածք, մեծ թիւով անձեր խմբուած էին ուղղաթիռին մօտ։ Այս եւս առաջացուց հաւաքուածներու դժգոհութիւնը։
«Չդիմացա՞ն մի գիշեր առանց իրանց էրեխեքի։ Թող տենց ուղղաթիռով գնային մեր էրեխեքին բերէին», – վրդովուած ըսաւ կին մը։
Աւելի ուշ ոստիկանապետ՝ Վահէ Ղազարեան ժամանեց նախարարութիւն։ Նախ ծնողներուն հետ առանձին զրուցեց, յետոյ ներս գնաց՝ ծնողներուն պահանջը փոխանցելու։ Կէս ժամ անց ոստիկանապետը ծնողներուն փոխանցեց Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Արտակ Դաւթեանի առաջարկը՝ հանդիպումը կազմակերպել 10-հոգիէ բաղկացած խումբերու հետ։
«Քանի ժամ պըտի էդ 10-10-ին ընդուներ ինքը։ Կարող ա առաջին տասին ընդունում ա, միւս տասին ասում ա՝ կը ներէք, էլի, գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը կանչել ա, պըտի էթամ իրանց մօտ․․․ Հրաժարւում ենք։ Եթէ բոլորին կ’ընդունի՝ կը գնանք։ Եթէ չէ՝ մենք չենք ուզում», – ըսաւ ծնողներէն մէկը։
Առաջարկը մերժուեցաւ եւ ոստիկանապետը կրկին ներս գնաց՝ որոշումը փոխանցելու։ Քիչ անց, ծնողներու պահանջը ընդունուեցաւ եւ 54 ծնող ներս մտաւ Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Արտակ Դաւթեանի հետ հանդիպման։
Թէ ճիշդ ինչ հարցեր ու պահանջներ ներկայացուցած են, ծնողները մանրամասնութիւններ չյայտնեցին:
Անյայտ կորած զինծառայողներու ծնողները նաեւ Մարտ 11-ին շրջափակած էին նախարարութեան մուտքերը՝ նախարարի հետ հանդիպում պահանջելով։ Հանդիպումէն յետոյ ըսին, որ իրենց բաւարարող պատասխան ստացած են ։ Իսկ երէկ՝ Ապրիլ 8-ին յայտարարեցին, որ իրենց տրուած խոստումը չկատարուեցաւ, եւ այս անգամ աւելի վճռական տրամադրուած են ։
Արդեօ՞ք հարազատներու պահանջները կապուած են որոնողական աշխատանքներու հետ, այս եւս չէ յստակացուած։ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան հաղորդմամբ՝ պատերազմէն յետոյ որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով, մարտական գործողութիւններու վայրերէն յայտնաբերուած է 1539 աճիւն։