Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Մէջ Ցուցարարները Պահանջած են Ռուս Խաղաղապահներէն Չխոչընդոտել Ատրպէյճանցիներու Տեղաշարժը ԼՂ-ի Մէջ

Պաքուի Մէջ Ցուցարարները Պահանջած են Ռուս Խաղաղապահներէն Չխոչընդոտել Ատրպէյճանցիներու Տեղաշարժը ԼՂ-ի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանական «Մուսաուաթ» կուսակցութեան երիտասարդական թեւը բողոքի ցոյց կատարած է Ռուսաստանի դեսպանատան մօտ՝ պահանջելով ռուս խաղաղապահներէն չխոչընդոտել ատրպէյճանցիներու տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

«Ռուսաստան, հեռու մնա Ղարաբաղէն», «Իվան, տուն գնա», – բարձրաձայնած են ցոյցի մասնակիցները։ Ցուցարարները նաեւ բացատրութիւններ պահանջած են ղարաբաղեան պատերազմին «Իսքանտեր»-ներու կիրառման մասին․ աւելի վաղ Պաքուն ներկայացուցած էր «Իսքանտեր Մ» հրթիռի մնացորդներ, որոնք իբրեւ թէ յայտնաբերուած էին վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշիի տարածքը։

Հայաստանի ԶՈՒ ԳՇ-ը յայտարարած է, թէ հրթիռներու կիրառման մասին տեղեկութիւնները հրապարակման ենթակայ չեն, Ռուսաստանը կը պնդէ, որ վերջին պատերազմին Հայաստանի «Իսքանտեր»-ները չեն գործածուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment