Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Կարգի Դէմ Ուղղուած Կոչեր Ընող Կուսակցութիւններու Գործունէութիւնը Պէ՞տք Է Կասեցուի

Սահմանադրական Կարգի Դէմ Ուղղուած Կոչեր Ընող Կուսակցութիւններու Գործունէութիւնը Պէ՞տք Է Կասեցուի

by MassisPost

Անկախ պատգամաւոր՝ Արման Բաբաջանեան առաջարկած է կասեցնել այն կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, որոնք կը քարոզեն ՀՀ Սահմանադրութեան 1-5-րդ յօդուածներով կամ 6-րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած որեւէ նորմի խախտում։ Ըստ հիմնաւորման՝ այդ նորմերու փաստացի վերացման ուղղուած հրապարակային կոչը՝ իշխանութիւնը գրաւելու, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը տապալելուն ուղղուած, կասեցման հիմք կրնան ըլլալ։ Առաջարկուած է փոփոխութիւն կատարել նաեւ Քրէական օրէնսգրքին մէջ, որ կ’առաջարկէ ենթարկել մեղաւորները քրէական պատասխանատուութեան:

Ըստ նախագիծին՝ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը նշուած դրոյթներու խախտման ուղղուած քարոզչութեան յայտնաբերման պահէն 3 աշխատանքային օրուայ ընթացքին, այդ մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԺ-ին եւ ՀՀ կառավարութեան, եւ այդ հիմքով կուսակցութեան գործունէութիւնը կը կասեցուի մինչեւ ԱԺ յաջորդ ընտրութիւններու նշանակման յաջորդող օրը։

Իրաւապաշտպան՝ Արթուր Սաքունց «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ կուսակցութիւններու գործունէութեան վերջնական կասեցումը կրնայ ըլլալ միայն  Սահմանադրական դատարանի կողմէ եւ Սահմանադրական դատարանի որոշումով, բայց գաղափարը ինքնին ընդունելի է, քանի որ բոլոր այն կուսակցութիւնները, որոնք  սահմանադրութեան դրոյթներու  դէմ պիտի գործեն, բռնութեան, ատելութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու արժէքներու, ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած կոչեր պիտի ընեն, կոչ պիտի ընեն իշխանութիւնը բռնի կերպով գրաւելու մասին, ուրեմն անոնց գործունէութիւնը պէտք է կասեցուի, իսկ նման կոչեր ընողները ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան. «Իրապէս նման կոչերը, նման գործողութիւնները ուղղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան՝ որպէս ժողովրդավարական,  իրաւական, ինքնիշխան, ընկերային պետութեան  սկզբունքներու դէմ եւ դրանք չպէտք է ու չեն կարող պաշտպանուած լինել  ժողովրդավարական պետութիւնում: Այդ կուսակցութիւնների գործունէութիւնը պէտք է նախ կասեցուի, իսկ անձիք, որոնք նման կոչերով են հանդէս գալիս, նրանց նկատմամբ պէտք է յարուցուեն քրէական գործեր: Ժողովրդավարութիւնը պէտք է կարողանայ  իրեն պաշտպանել, իրաւական պետութիւնը պէտք է կարողանայ իրեն պաշտպանել: Ի վերջոյ ժողովրդավարական պետութիւնը պէտք է կարողանայ պաշտպանել իր անվտանգութիւնը: Եւ դա պարտականութիւն է, ոչ թէ կամայականութիւն կամ լիազօրութիւն: Դա  սահմանադրական պարտաւորութիւն է»,-ընդգծեց իրաւապաշտպանը՝ աւելցնելով, որ այսօրուայ իրավիճակով առաւել քան պահանջուած է նման կարգաւորում:

Սաքունցի խօսքով, եթէ այսօր մենք ունինք բռնութիւն, իշխանութիւնը գրաւելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու կոչեր ընող կուսակցութիւններ, ուրեմն այդ կը նշանակէ, որ գործ ունինք ժողովրդավարական պետութեան անվտանգութեան հետ: Ժողովրդավարական պետութեան շահերէն չի բխիր, որ ժողովրդավարական պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուին նման կոչեր եւ նման գործողութիւններ հրահրող քայլեր: «Նման մօտեցումները, նման գործողութիւնները չեն կարող պաշտպանուած  լինել ժողովրդավարական պետութիւնում»,-եզրափակեց իրաւապաշտպանը:

Ըստ Վարդինէ Գրիգորեանին, որ կուսակցութիւններու մասին օրէնքի վերջին փոփոխութիւններու  աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է եւ օրէնքի  նախագիծին վրայ աշխատած, Սահմանադրութեամբ արդէն իսկ նորմ կայ ամրագրուած, որ կը նախատեսէ, որ սահմանադրական կարգի տապալման համար կուսակցութիւններու գործունէութիւնը կրնայ կասեցուիլ:  Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ, որ այն կուսակցութունները, որոնք կը քարոզեն սահմանադրական կարգի բռնի  տապալում, կամ բռնութիւն կը կիրառեն սահմանադրական կարգը տապալելու նպատակով՝ հակասահմնադրական են եւ ենթակայ են  արգելման  սահմանադրական դատարանի որոշումով: Փաստացի այս այն միակ հիմքն է, որով կուսակցութիւններու գործունէութիւնը կրնայ կասեցուիլ, սակայն խնդիրը կիրառման մեքենականութիւններու հետ է, երբ յստակութիւն չկայ՝ կուսակցութիւնը նման կոչ կ’ընէ, թէ  անձը, որ այդ կուսակցութեան մէջ է.«Դա իրականում շատ բարդ է, երբ պարզ չէ՝ յանցագործութիւնը պէտք է վերագրել յստակ մարդու, թէ կուսակցութեանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment