Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Դժուարին Օրակարգը

Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Դժուարին Օրակարգը

by MassisPost

Կը թեւակոխենք Ապրիլ ամիսը, որ մեր ժողովուրդին համար խորհրդանիշ է Թուրքիոյ կողմէ Հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան: Ոչ հեռու պատմութեան այդ տխուր ու ցաւալի էջերը կը շարունակեն անբաժան մասնիկը մնալ մեր մտածելակերպին, ոչ միայն Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, այլ միւս բոլոր ամիսներուն: Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք այս առաջին Ապրիլն է որ կը դիմաւորենք՝ մեր հոգիներուն վրայ ծանր ճնշող ու մեր բոլորիս ներաշխարհը խռոված պայմաններուն տակ: Դժուար է տակաւին հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ վերջին պատերազմի ընթացքին մեր ունեցած տարածքային կորուստներուն ու հազարաւոր զոհերուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ Էրտողանի Թուրքիան, որու անմիջական մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն ունեցաւ որոշիչ դեր:

Այս օրերուն օրակարգ վերադարձած է Թուրքիոյ հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցը, որու շուրջ մեր մօտ զգացականն ու իրապաշտականը միշտ ալ կը բախին իրար, ու այս նորութիւն չէ մեր վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Հանրային Հեռատեսիլի վրայ ունեցած իր վերջին հարցազրոյցի ընթացքին խուսափեցաւ Թուրքիան անուանել Հայաստանի թշնամի երկիր: Իսկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արմաւիրի շրջան կատարած իր այցելութեան ընթացքին խօսեցաւ տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ճանապարհներու բացման օգուտներուն մասին: Այս զարգացումներու լոյսին տակ սկսան հնչել ենթադրութիւններ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի կ՛ունենան գաղտնի բանակցութիւններ: Հարցը բարձրացաւ նաեւ Ազգային Ժողովէն ներս, ուր արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ պաշտօնական Անգարայի հետ խորհրդակցութիւններու կամ բանակցութիւններու որեւէ ձեւաչափի: «Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդը ամենալաւը կը գիտակցի խաղաղութեան գինը եւ թշնամիներ չի փնտռեր: Հայաստանը փորձած է կարգաւորել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն փոխադարձութեան սկզբունքը երբեք չէ գործած», շեշտեց նախարարը:

Կա՞ն արդեօք բանակցութիւններ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, դժուար է ըսել: Սակայն, գաղտնի կամ կիսագաղտնի բանակցութիւնները միջազգային դիւանագիտութեան մէջ օգտագործուած երեւոյթներ են: 2009-ին, Սերժ Սարգսեանի օրով, ստորագրուած Հայ-թրքական հաշտեցման համաձայնագիրը արդիւնք էր նման բանակցութիւններու: Այդ համաձայնագիրը կեանքի չկոչուեցաւ ոչ թէ Հայկական կողմի պատճառաւ, այլ անոր համար որ, Թուրքիա առաջ մղեց Հայաստանի համար անընդունելի պայմաններ՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ, իսկ թրքական խորհրդարանը մերժեց վաւերացնել զայն:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր Համագումարներով հաստատած է Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկած է՝ մնայուն կապեր հաստատելով թրքական յառաջադէմ ու Ցեղասպանութիւնը ճանչցած շրջանակներու եւ մտաւորականներու հետ:

Նկատի առնելով տարածաշրջանային նոր իրականութիւնները Հայ-Թրքական յարաբերութիւնները կը կարօտին մասնագիտական խոր քննարկման՝ հասկանալու համար, թէ արդեօ՞ք այդ կը բխի Հայ ժողովուրդի տնտեսական ու քաղաքական շահերէն: Այս սիւնակով եւ այլուր կրնանք Թուրքիան կոչել թշնամի, սակայն պետական բարձրաստիճան պաշտօնեան պարտաւոր է իր արտայայտութիւններուն մէջ ըլլալ զգուշաւոր՝ դուռը չփակելու համար ապագայ որեւէ տեսակի զարգացումներու առջեւ: Հետեւաբար, անոնցմէ չենք որ Արմէն Գրիգորեանի մօտեցումը նկատենք «դաւաճանական»:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment