Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը Վարոյթ Ընդունած Է Փաշինեանի Հայցը Ընդդէմ Փոստանճեանի

Դատարանը Վարոյթ Ընդունած Է Փաշինեանի Հայցը Ընդդէմ Փոստանճեանի

by MassisPost

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հայցը ընդդէմ նախկին պատգամաւոր, «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար՝ Զարուհի Փոստանճեանի։

Հայցը մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր՝ Նաիրա Աւետիսեանին:

Ըստ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգի՝ Փաշինեանի ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Հունանեան հայցը ներկայացուցած է Մարտ 12-ին՝ խնդրելով պարտաւորեցնել Փոստանճեանին` հրապարակայնօրէն հերքել տեսանիւթով զրպարտութիւն համարուող փաստացի տուեալները, ինչպէս նաեւ յօգուտ Փաշինեանի բռնագանձել երկու միլիոն դրամ՝ որպէս զրպարտութեան համար նախատեսուած փոխհատուցում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment