Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Օրակարգին Վրայ 1 Արցախի Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնումը Քաղաքական Ճանապարհով. Արայիկ Յարութիւնեան

Օրակարգին Վրայ 1 Արցախի Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնումը Քաղաքական Ճանապարհով. Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 31-ին աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Մարտունիի շրջան եւ հանդիպումներ ունեցած է Մարտունի քաղաքի եւ Բերդաշէն, Աշան, Նոր շէն, Հացի, Աւդուռ ու Միւրիշէն համայնքներուն մէջ: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Երկրի ղեկավարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է անվտանգութեան ու ընկերային հիմնախնդիրներու յաղթահարման եւ տնտեսութեան զարգացման հարցերուն: Անդրադառնալով մամուլով պարբերաբար շահարկուող Կարմիր շուկայի թեմային՝ Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս շեշտած է, որ այսպիսի խօսակցութիւններ որեւէ հիմք չունին եւ, ընդհակառակը, ԱՀ իշխանութիւններու օրակարգին վրայ է Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը քաղաքական ճանապարհով, առնուազն նախկին ԼՂԻՄ-ի (Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ) սահմաններէն ներս:

Հանդիպումներու ընթացքին Նախագահը նաեւ պատասխանած է բնակչութեան յուզող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment