Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիներուն Վերջին Շրջանի Աշխուժութիւնը Անարձագանգ Չի Կրնար Մնալ. Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ

Ատրպէյճանցիներուն Վերջին Շրջանի Աշխուժութիւնը Անարձագանգ Չի Կրնար Մնալ. Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ

by MassisPost

«Այսօր Արցախի անվտանգութիւնը համար մէկ խնդիրն է, ատրպէյճանցիների՝ վերջին շրջանում դրսեւորած, այսպէս ասած, աշխուժութիւնը չի կարող անարձագանք մնալ: Խօսքը հայկական մեքենաների քարկոծման դէպքերի մասին է», – այսօր՝ Մարտ 30-ին ըսած է Արցախի ԱԺ նախագահ՝ Արթուր Թովմասեան արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

Արցախի ԱԺ-ի մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ` անոնք քննարկած են նաեւ այս եւ օրակարգային այլ հարցեր միջազգային ատեաններ բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուեցաւ, որ զոհուած զինծառայողներու մարմինները Ստեփանակերտէն Գորիսի դիահերձարան փոխադրող ինքնաշարժի ուղղութեամբ ատրպէյճանցիներ քարեր նետած են եւ կտրած ապակիները: «Ֆորտ թրանզիթի» մէջ կային 5 զինծառայողներու մարմիններ ։

Հանդիպման ընթացքին, ԱԺ-ի նախագահը շեշտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը, նաեւ նշած է տարբեր երկիրներու, ի մասնաւորի, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու խորացման կարեւորութիւնը։ Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան կարեւորութիւն տուած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան, որպէս արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment