Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կեանքէն Հեռացաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան

Կեանքէն Հեռացաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան

by MassisPost

Մարտ 31-ին, 81 տարեկան, Արցախի հերոս, զօրավար-մայոր Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) մահացաւ: Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնեց «Էրեբունի» Բժշկական Կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար՝ Շուշան Հունանեան, ան աւելցուց, որ Տէր Թադեւոսեան կը գտնուէր վերակենդանացման բաժանմունք` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Արկադի Տէր Թադեւոսեան ծնած է 1939-ի Մայիս 22-ին,   Խորհրդային Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ։

1991-ին Տէր Թադեւոսեան նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժնի պետ։ 1991-ի Հոկտեմբեր 30-ին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ իրագործուած ռազմագործողութեան շնորհիւ ազատագրած են Հադրութի շրջանի Տող գիւղը։ 1992-ի Մայիսին, Քոմանտոսը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Շուշի քաղաքի ազատագրման ռազմագործողութեան նախապատրաստման աշխատանքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment