Մարտ 25-ին հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ խօսնակ՝ Արման Մուսինեան:
Մուսինեան յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յետպատերազմեան շրջանին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հետագայ հնարաւոր զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր։
Յիշեցնենք, որ նոյն ձեւաչափով հանդիպում կայացած էր նաեւ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմի ընթացքին: Հանդիպման մասին յայտնած էր ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ խօսնակ՝ Արման Մուսինեան Հոկտեմբեր 21-ին: