Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սփութնիք-V» Պատուաստի Դէպի Հայաստան Մատակարարումը Մօտալուտ է . ՌԴ Դեսպան

«Սփութնիք-V» Պատուաստի Դէպի Հայաստան Մատակարարումը Մօտալուտ է . ՌԴ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքինը յոյս ունի, որ շատ շուտով ռուսական «Սփութնիք-V» պատուաստը կը մատակարարուի Հայաստան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Մարտ 26-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Քոփիրքին ընդգծեց, որ այս հարցի ուղղութեամբ կը տարուի շատ աշխուժ աշխատանք ։

«Անիկա կը մօտենայ գործնական իրագործման փուլին։ Յոյս ունիմ, որ բաւական արագ եւ մօտ ատենէն հնարաւոր կ’ըլլայ իրականացնել մատակարարումները։ Յամենայնդէպս, մենք՝ որպէս դեսպանութիւն, ամէն կերպով կ’աջակցինք անոր», – ըսաւ դեսպան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի պատուաստը Հայաստան արտադրելու հնարաւորութիւններուն, դեսպանը ըսաւ, որ  այդ հարցի շուրջ կը համագործակցին ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական ներդրողները:

«Այս առումով որեւէ յստակ տեղեկատուութիւն չունիմ, բայց գիտեմ, որ այս թեման իսկապէս շատ աշխուժօրէն կը քննարկուի եւ յոյս ունիմ, որ շատ շուտով պատուաստը կը հասնի Հայաստան», – եզրափակեց Քոփիրքինը:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին միացած բժշկական կեդրոններու բուժաշխատողները կամաւորութեան սկզբունքով «Քորոնա» ժահրի դէմ կը պատուաստուին Ռուսաստանի նուիրած Սփութնիք-V պատուաստով: Վերջին տուեալներով՝ մօտ 600 բուժաշխատողներ եւ վտանգի ենթակայ խումբի քաղաքացիներ ստացած են պատուաստում: Հայաստանը Ռուսաստանի հետ երկկողմանի աշխատանքներով կը նախատեսէ առաջիկային գնել Սփութնիք-V պատուաստ, զուգահեռ աշխատանքներ կը տարուին պատուաստ ձեռք բերելու Covax հարթակի միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment