Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունիս 20-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ’ունենան Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յունիս 20-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ’ունենան Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

by MassisPost

Յունիս 20-ին Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այսօր՝ Մարտ 18-ին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ Դիմատետրի իր էջով յայտարարեց վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Ծառուկեանի հետ հանդիպման ընթացքին, արձանագրած են, որ ստեղծուած ներքաղաքական իրադրութենէն լաւագոյն ելքը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են:

«Հաշուի առնելով նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հետ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան հետ, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի հետ իմ ունեցած քննարկումները՝ սոյն թուականի Յունիսի 20-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնում կ’անցկացուեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ», – գրած է վարչապետը:

Հանդիպման վերաբերեալ նաեւ ԲՀԿ-ի առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեան Դիմատետրին վրայ գրառում ըրած է. «Մի քանի օր առաջ ես յայտարարել էի, որ ստեղծուած ծանրագոյն վիճակից մեր հայրենիքը դուրս բերելու համար հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներում պէտք է երկրում ձեւաւորել նոր իշխանութիւն եւ նոր կառավարութիւն: Դրա միակ օրինաւոր ճանապարհն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Ժողովուրդն իր քուէով պէտք է որոշի, թէ ում է վստահելու յաջորդ իշխանութիւնը»:

Յունիս 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու առաջարկին կողմ է նաեւ խորհրդարանական միւս ընդդիմադիր ուժը՝ «Լուսաւոր Հայաստանը»։ Այդ մասին ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը Դիմատետրով գրած է։ Էտմոն Մարուքեանի տեղեկացմամբ՝ ինքը հեռախօսազրոյց ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ քննարկած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման հարցը։

«Վարչապետը, ի պատասխան սեղմ ժամկէտներում ընտրութիւնների կազմակերպման մեր պահանջի, առաջարկել է Յունիսի 20-ը քննարկել որպէս ընտրութիւնների օր` վերջնաժամկէտ։ Իմ կողմից նշուել է, որ սկզբունքային է ընտրութիւնների անցկացումը սեղմ ժամկէտում եւ դրանք մինչեւ աշուն կամ 2023 թուականը չթողնելը», – նշած է Մարուքեան իր գրառման մէջ։

«Լուսաւորը» մինչ այս յայտարարած էր, որ իրենք կողմ կ’ըլլան արտահերթ ընտրութիւններուն, եթէ անոնք տեղի ունենան մինչեւ Յունիս 1-ը։ Իսկ վարչապետի հրաժարականը ամիսներ շարունակ պահանջող «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»էն դեռ չեն արձագանգած վարչապետի յայտարարութեան։ Խոստացան աւելի ուշ յայտնել իրենց դիրքորոշումը: Մէկ տասնեակէն աւելի քաղաքական ուժերը համախմբող շարժման ներկայացուցիչները բազմիցս յայտնած են, թէ դէմ են արտահերթ խորհդարանական ընտրութիւններուն։ Փողոցային պայքարի անցած ընդդիմադիրները կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը, ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորում ու այնուհետեւ արտահերթ ընտրութիւններ։

Շարժման մաս կազմող Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն ալ դեռ չեն շտապեր յայտարարել՝ իրենք պիտի մասնակցի՞ն ընտրութիւններուն, եթէ այո, ապա առանձի՞ն, թէ՞ այլ ձեւաչափով։

«Ես բացառել-չբացառելու մասին չեմ ուզում որեւէ բան ասել, կը քննարկենք, բոլոր հարցերի պատասխանը կու տանք, բայց մի բան ակնյայտ է` Հանրապետականը դիտորդ չի լինելու», -ըսած է ՀՀԿ խօսնակ՝ Էտուարտ Շարմազանով:

Իսկ արդեօք ԲՀԿ-ն չէ՞ շեղուած «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» օրակարգէն՝ ընդունելով իշխանութիւններու առաջարկը առաջիկային ընտրութիւններ կազմակերպելու համար, ՀՀԿ խօսնակ՝ Էտուարտ Շարմազանովը խուսափեցաւ որեւէ գնահատական տալէ. «Դա ցանկացած քաղաքական ուժի որոշումն է: Ես չեմ կարծում, որ գոնէ դուք ինձ ճանաչում էք, ես իմ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքում որեւէ քաղաքական ուժի որոշումների վերաբերեալ ոչ ճիշդ յայտարարութիւններ չեմ արել»:

Առայժմ նաեւ յստակ չէ, թէ իշխանութիւնը ընտրութիւններու գործով, ռեյտինգային, թէ իշխող ուժի առաջարկած պարզ համամասնական Ընտրական օրէնսգրքով պիտի ընթանայ: Իշխող ուժէն յայտնած են, որ դեռ այդ հարցը որոշուած չէ:

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու համար, ըստ Սահմանադրութեան, Ազգային ժողովը պէտք է արձակուի, եթէ վարչապետի հրաժարականէն յետոյ 2 շաբթուայ ընթացքին 2 անգամ անընդմէջ չ’ընտրուիր նոր վարչապետ, ապա ոչ շուտ, քան 30 եւ ոչ ուշ, քան 45 օր յետոյ կը նշանակուին նոր ընտրութիւններ։

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութենէն պատգամաւոր՝ Տարօն Սիմոնեան ըսած է, որ մօտաւոր հաշուարկով վարչապետ Փաշինեան հրաժարական պէտք է տայ մինչեւ Ապրիլի երկրորդ կէսը։

Արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու անդրադարձած է Հայ ազգային քոնկրէսը։ Քաղաքական ուժը չէ յայտնած՝ արդեօք պիտի մասնակցի այդ ընտրութիւններուն, թէ ոչ, սակայն շեշտած է, որ իրենց համար կարեւոր է, որպէսզի անոնք կատարուին Ընտրական նոր օրէնսգրքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment