Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմէն Յետոյ Ալ Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Իրաւունքը․ Հայաստանի ԱԳ Նախարար

Պատերազմէն Յետոյ Ալ Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Մարդասիրական Իրաւունքը․ Հայաստանի ԱԳ Նախարար

by MassisPost

«Պատերազմից յետոյ էլ Ատրպէյճանը շարունակում է խախտել մարդասիրական իրաւունքը», այսօր՝ Մարտ 16-ին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար՝ Անն Լինտէի հետ հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց Հայաստանի ԱԳ նախարար՝ Արա Այվազեան՝ ընգծելով, որ հայ գերիները դեռ կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճան։

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը երէկ ուշ երեկոյեան Պաքուէն ժամանած է Երեւան:

Առաջին հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի հետ էր, որմէ յետոյ Արա Այվազեանն ու Անն Լինտէն մամլոյ համար յայտարարութեամբ հանդէս եկան։

«Ռազմական գործողութիւնների աւարտից չորս ամիս անց Ատրպէյճանը շարունակում է խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ մարդու իրաւունքները՝ գերեվարութեան մէջ պահելով հայ ռազմագերիներին եւ պատանդի կարգավիճակում յայտնուած քաղաքացիական անձանց», – փաստեց Այվազեան։

Իր կարճ ելոյթով Լինտէն ուղիղ չխօսեցաւ գերիներու վերադարձին մասին, միայն ակնարկեց, որ կարեւոր է յարգանքը մարդասիրական իրաւունքի հանդէպ․ – «Քանի մը հարցեր դեռեւս կարօտ են լուծման։ ԵԱՀԿ-ը եւ միջազգային հանրութիւնը որպէս ամբողջութիւն կարեւոր դեր ունին անմիջական իրավիճակին անդրադառնալու եւ առաջընթացի գործին մէջ։ Էական է, եւ կ’ուզեմ ընդգծել, որ այս փուլին կարեւոր է յարգանք դրսեւորել միջազգային իրաւունքի հանդէպ՝ ներառեալ մարդասիրական իրաւունքը։ Ես կ’ուզեմ շեշտել նաեւ վստահութեան կառուցման միջոցներու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային դերակատարներու ազատ մուտքը տարածք»։

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը երէկ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ եւս ակնարկած էր, որ բոլոր գերիներու վերադարձը կը նպաստէ հետագայ գործընթացներու մեղմացման։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Պայրամովը հերթական անգամ ըսած էր, որ եռակողմ համաձայնագրով Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է բոլոր ռազմագերիները։ Ատրպէյճան պահուող գերիներն ալ նորէն ահաբեկիչ անուանած էր ։

Ինչպէս երէկ Պաքուի մէջ, այսօր ալ Երեւանի մէջ Լինտէն իր խօսքով շեշտեց, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծել խաղաղ ճանապարհով։

Խաղաղութեան մասին խօսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պատմական ակնարկ ըրաւ։ «Լինելով 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ՝ մենք գիտենք խաղաղութեան եւ անվտանգութեան արժէքը», – ըսաւ Այվազեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստան ղարաբաղեան հակամարտութեան բոլոր փուլերուն հանդէս եկած է խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման օգտին։ – «Արցախի խաղաղ բնակավայրերի, այդ թւում Հադրութի շրջանի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ դրանց փոխարէն ատրպէյճանական բնակավայրերի ստեղծման հիման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կարող լինել հաստատուն եւ տեւական»։

Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին, Իլհամ Ալիեւ ըսած էր, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան վերականգնումը կարող է ելակէտ դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութիւնը ամբողջութեամբ անցեալին մէջ թողնելու համար:

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը իր խօսքին մէջ տրամագծօրէն այլ շեշտադրումներ ըրաւ, թէ հակամարտութեան վերջնական քաղաքական լուծումը հնարաւոր է բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակէն ներս․ – «Առաջնայինն է Արցախի կարգավիճակի հարցը՝ հիմնուած արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի վրայ։ Հակամարտութեան վերջնական քաղաքական լուծումը հնարաւոր է բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակում»։

Անն Լինտէն իր խօսքին մէջ եւս ողջունեց Միսնքի խումբի համանախագահներու աշխատանքը եւ իր անձնական ներկայացուցչի ջանքերը՝ համակարտութեան երկարաժամկէտ եւ կայուն լուծում գտնելու ուղղութեամբ․ – «Այսօրուայ այցը ինծի հնարաւորութիւն ընձեռեց քննարկել մեր նախագահութեան գերակայութիւնները ԵԱՀԿ-էն ներս։ Մենք կը կեդրոնանանք ԵԱՀԿ-ի հիմնարար գործին վրայ։ Այսինքն՝ պաշտպանել եւրոպական անվտանգութեան կարգը եւ համապարփակ անվտանգութեան եզակի գաղափարը, հայացակարգը։ Մենք նաեւ կանանց անվտանգութեան եւ խաղաղութեան օրակարգը առաջ կը տանինք։ Մենք կը հաւատանք, որ կանանց մեծ մասնակցութիւնը էապէս կը նպաստէ յետպատերազմեան զարգացումներուն, դիմակայելու տարածաշրջանային մարտահրաւէրները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment