Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեն Սիմոնեանի Կարծիքով՝ Ընդդիմադիր Ուժերու 80 Տոկոսը Չ’ուզեր Արտահերթ Ընտրութիւններ

Ալեն Սիմոնեանի Կարծիքով՝ Ընդդիմադիր Ուժերու 80 Տոկոսը Չ’ուզեր Արտահերթ Ընտրութիւններ

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով՝ չնայած ընդդիմութեան յայտարարութիւններուն, ընդդիմադիր դաշտի 80 տոկոսը չ’ուզեր, որ արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Սիմոնեան նման տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Ան նախ անդրադարձաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ին:

«Ես չեմ համարում, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը կողմ է արտահերթ ընտրութիւններին: Ես համարում եմ, որ ԼՀԿ-ն գտնում է, որ ընտրութիւններ պէտք չէ անել, եւ գտնելու է բազմաթիւ պատճառներ, որ խուսափի արտահերթ ընտրութիւններից՝ ուղղակի օգտագործելով այս ժամանակահատուածը` իր դիրքը կարեւորելու համար»,-ըսաւ Սիմոնեան՝ աւելցնելով, որ լաւ գիտէ անոնց գործելաոճը:

Սիմոնեան վստահ է, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը եւ շատ ու շատ հիմնական ընդդիմադիր գործիչներ ու կուսակցութիւններ այսօր իրականութեան մէջ չեն ուզեր արտահերթ ընտրութիւններ: «Գիտեն, որ արտահերթ ընտրութիւններով իրենցից շատերը, գրեթէ մեծամասնութիւնը չեն յաջողելու: Ընդդիմադիր դաշտում գտնուող ուժերի 80 տոկոսը չեն ուզում արտահերթ ընտրութիւն»,-նշեց Սիմոնեան:

ԱԺ-ի փոխնախագահը շեշտեց, որ ընտրութիւն ընելու իմաստը քաղաքական դաշտին կայունութիւն բերելն է: Ընտրութեան ժամկէտներու մասին յստակացում չկայ, քննարկում տեղի կ’ունենայ: «Քննարկում է տեղի ունենում իմ կողմից նշուած քաղաքական ուժերի հետ, եւ ուզում ենք, որ ժամկէտները նաեւ նրանց համապատասխան լինեն»,-ըսաւ Սիմոնեան ու աւելցուց՝ կան նաեւ ընտրական օրէնսգրքի հետ կապուած հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment