Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած են

Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած են

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 1-ին հանդիպած են։

Ըստ նախագահի գրասենեակին՝ քանի որ Արմէն Սարգսեան վատառողջ է, վարչապետը տեսակցելու նպատակով այցելած էր նախագահը։

«Բնականաբար, Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետն անդրադարձել են նաեւ երկրի ներքաղաքական իրավիճակին: Տարածուող այլ տեղեկութիւնները բացարձակապէս սուտ են, եւ փորձ են աւելի սրելու առանց այն էլ լարուած իրավիճակը», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Նախագահի գրասենեակը անգամ մը եւս յորդորած է՝ «ձեռնպահ մնալ սադրիչ եւ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց», միաժամանակ, կրկին ընդգծելով, որ նախագահը կ’առաջնորդուի բացառապէս Սահմանադրութեամբ եւ համապետական ու համազգային շահերով, կը գործէ իր սահմանադրական լիազօրութիւններու ծիրէն ներս:

Նշենք, որ Արմէն Սարգսեան-Նիկոլ Փաշինեան հեռակայ բանավէճը սկսած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումէն յետոյ։ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու առաջարկութիւնը վարչապետը նախագահին ներկայացուցած է Փետրուար 25-ին, երբ առաւօտեան հրապարակուեցաւ Զինուած ուժերու անունով ԳՇ յայտարարութիւնը՝ վարչապետի եւ Կառավարութեան հրաժարականի պահանջով։ Վարչապետը այդ յայտարարութիւնը «ռազմական յեղաշրջման փորձ» որակեց։ Նոյն օրը կայացած հանրահաւաքին Փաշինեան նաեւ հրաժարական տալու կոչ ըրաւ Գասպարեանին։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Փետրուար 27-ին Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու հրամանագրի նախագիծը առարկութիւններով ետ ուղարկեց վարչապետի աշխատակազմ: Վարչապետն ալ միջնորդութիւնը կրկին ուղարկեց նախագահին` նշելով, որ «այս որոշումը ամենեւին չի նպաստում ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծմանը»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment