Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սասնայ Ծռերու Անդամները Դատապարտուեցան 5-էն 25 Տարուայ Ազատազրկման

Սասնայ Ծռերու Անդամները Դատապարտուեցան 5-էն 25 Տարուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներու գործով դատավճիռները։

Դատարանը Փաւլիկ Մանուկեանի նկատմամբ պատիժ նշանակեց ազատազրկում 10 տարի ժամկէտով։ Նշանակուած պատժին մէջ հաշուելով նախաքննութեան եւ դատաքննութեան ընթացքին կալանքի տակ գտնուելու ժամկէտը՝ վերջնական պատիժ նշանակեց 7 տարի 8 ամիս ժամկէտով ազատազրկում։

Վարուժան Աւետիսեան դատապարտուեցաւ 9 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման։ Նշանակուած պատժին մէջ հաշուելով նախաքննութեան եւ դատաքննութեան ընթացքին կալանքի տակ գտնուելու ժամկէտը՝ վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 7 տարի 4 ամիս ազատազրկում։

Մխիթար Աւետիսեան դատապարտուեցաւ ազատազրկման 9 տարի 6 ամիս ժամկէտով, վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ ազատազրկում 7 տարի 6 ամիս ժամկէտով։

Էտուարտ Գրիգորեան դատապարտուեցաւ 8 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման, վերջնական պատիժ սահմանուեցաւ 6 տարի 6 ամիս ազատազրկում։

Գագիկ Եղիազարեան դատապարտուեցաւ 9 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման, վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 7 տարի 5 ամիս ժամկէտով ազատազրկում։

Արեգ Կիւրեղեան դատապարտուեցաւ 9 տարի ժամկէտով ազատազրկման, վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 7 տարի 1 ամիս ժամկէտով ազատազրկում։

Սեդրակ Նազարեան դատապարտուեցաւ 10 տարի ժամկէտով ազատազրկման, վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 8 տարի 2 ամիս ժամկէտով ազատազրկում։

Արմէն Պիլեանի նկատմամբ պատիժ նշանակուեցաւ ազատազրկում 9 տարի 6 ամիս ժամկէտով, վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 4 տարի 11 ամիս ժամկէտով ազատազրկում։

Սմբատ Բարսեղեան դատապարտուեցաւ 25 տարի ժամկէտով ազատազրկման։ Նշենք, որ Բարսեղեանի համար դատախազները պահանջած էին ցմահ ազատազրկում։

Խումբի անդամներէն Արայիկ Խանդոյեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումը դադրած է՝ անձի մահուան հիմքով։

Խումբի անդամներու խափանման միջոցները ձգուեցան անփոփոխ՝ մինչեւ դատարանի վճռի օրինական ուժի մէջ մտնելը։

Նշենք, որ մեղադրող դատախազը պահանջած էր խումբի անդամներէն Արմէն Պիլեանը դատապարտել 21 տարի, Փաւլիկ Մանուկեանը եւ Սեդրակ Նազարեանը՝  9 տարի, Վարուժան Աւետիսեանը՝ 8 տարի 9 ամիս, Գագիկ Եղիազարեանը, Արեգ Կիւրեղեանը եւ Էտուարտ Գրիգորեանը՝ 8 տարի 6 ամիս, Մխիթար Աւետիսեանը՝ 8 տարի 9 ամիս ժամկէտով ազատազրկման: Իսկ Սմբատ Բարսեղեանի համար դատախազը պահանջած է ցմահ ազատազրկում։

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր»-ը մեղադրուած են խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, յափշտակելու, պատանդ վերցնելու, գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու, շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրային, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելու համար։ Անոնք 2016 թուականի Յուլիս 17-ին գրաւած էին Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը, որու ժամանակ զոհուած էր ոստիկանութեան փոխգնդապետ՝ Արթուր Վանոյեան։ Հետագային նաեւ մահացած էին ոստիկաններ Գագիկ Մկրտչեան եւ Իւրի Տեփանոսեան: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Իւրի Տեփանոսեան մահացած էր դիպուկահարի կրակոցէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment